ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին, Պաղտատ այցելող Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյթս գրեթէ իւրաքանչիւր քայլափոխի յաւելեալ ամերիկացի զինուորներ Իրաք ղրկելու առաջարկներ ստացաւ, յատկապէս հոն ծառայող ամերիկացի զինուորներէ, մինչ ամերիկացի բանակի հրամանատարութիւնը Հինգշաբթի օր հաղորդեց, թէ ամերիկացի երեք զինուորներ եւս սպաննուած են, Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 71ի հասցնելով:
Կէյթս շեշտեց, թէ իր խորհրդակցութիւնները այս հանգրուանին աւելի ընդհանրական բնոյթ ունէին եւ ցարդ ոչ մէկ յստակ խոստում կարելի է տալ յաւելեալ զինուորներ տրամադրելու հարցով:
Միւս կողմէ, Պաղտատի արեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող ոստիկանական զինուորագրութեան կեդրոնի մը առջեւ տեղի ունեցած անձնասպանական արարքի մը զոհ գացին 15 հոգի, ներառեալ առնուազն երկու ոստիկաններ: Մայրաքաղաքին մէջ այլ պայթում մը երկու զոհ խլած էր աւելի կանուխ:
Հիւսիսային Իրաքի Մոսուլ քաղաքին մէջ, խումբ մը զինեալներ առնուազն հինգ քաղաքայիններ սպաննեցին, իսկ Պաղտատէն հարաւ գտնուող շրջանի մը մէջ պայթում մը երկու այլ զոհեր խլեց:
Իրաքի ոստիկանութիւնը նաեւ հաղորդեց, թէ սպաննուած իրաքցիներու առնուազն վեց դիակներ յայտնաբերուած են Հինգշաբթի օր: Զոհերէն երկուքը գլխատուած էին: