ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Արիւնահեղութիւնը կը շարունակուի Իրաքի տարածքին, հակառակ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց այն պնդումներուն, թէ կացութիւնը հետզհետէ կը բարելաւուի:
Արդարեւ, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին հաղորդուեցաւ, թէ Իրաքի տարածքին չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք սպաննուած 40 իրաքցիներու դիակները յայտնաբերուած են, մինչ նոյն օրը տեղի ունեցած պայթումներու եւ զինեալ յարձակումներու հետեւանքով սպաննուեցան 21 ուրիշներ:
Մէկ օր առաջ, ամերիկեան օդուժը ռմբակոծեց բնակարան մը Պաքուպայի մէջ՝ սպաննելով ութ հոգի։ Զոհերուն կարգին են չորս կիներ։ Երկու տղամարդիկ եւ կին մը վիրաւորուեցան։ Ամերիկեան բանակի յայտարարութիւնը չէր տարբերեր նախապէս նման պարագաներու հրապարակուած հաղորդագրութիւններէն։ Հոն կ’ըսուի. «Դաշնակից ուժերը ամէն ճիգ կը թափեն քաղաքային վնասներու առաջքը առնելու համար, երբ կը հետապնդեն ահաբեկիչներ։ Ահաբեկիչները կը շարունակեն դիտումնաւոր կերպով իրաքցի կիներու եւ մանուկներու կեանքը վտանգի տակ դնել՝ իրենց արարքներով եւ ներկայութեամբ»։
Միւս կողմէ, Իրաքի կարգ մը սիւննի ցեղապետներ, որոնք խոստացած են Անպար նահանգէն դուրս մղել «Քայիտա»ն, Չորեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցան Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ։ Սաթթար Պուզայի, Անպար նահանգի շէյխերէն մէկը, որ «Քայիտա»ի դէմ պայքարող սիւննի ցեղախումբերու դաշինքին ղեկավարներէն մէկն է, ըսաւ, թէ ինք եւ 15 այլ շէյխեր իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են վարչապետ Մալիքիի։
«Համաձայնեցանք գործակցիլ. յստակ համաձայնութիւն մը չկայ, բայց կայ գործակցութեան համաձայնութիւն», ըսաւ Պուզայի:
Մալիքիի գրասենեակը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ դրուատիքով խօսելով շէյխերուն յանձնառութեան մասին։
Նաեւ, Իրաքի մէջ «Քայիտա»ի ղեկավարութիւնը Հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ ամերիկեան բռնագրաւումէն ի վեր Իրաքի տարածքին սպաննուած են «Քայիտա»ի անդամ մօտաւորապէս 4000 ոչ իրաքցի զինեալներ, որոնք պայքար կը մղէին ամերիկեան բռնագրաւումին դէմ: