ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Ուրբաթ, Յունուար 12ին Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսն յայտարարեց, թէ Լիբանանի կառավարութեան տնտեսական ծրագրին դէմ հերթական ցոյցը Երկուշաբթի օր տեղի պիտի ունենայ, այս անգամ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան շէնքին դիմաց, ընդդիմադիր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ՝ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աուն «Էմ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ տակաւին բաց գործադուլի նման քայլերու մասին յայտարարութիւններ չեն կատարուած, սակայն օրը պիտի գայ եւ ընդդիմութիւնը պիտի ներկայանայ իր իսկական թիւով։
«Ամէն պարագայի իսկական մագլցումը ամսուան առաջին օրերուն պիտի չըլլայ, այլ՝ աւելի ուշ», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով Լիբանանի քաղաքական ներքին տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու հաւանականութեան՝ Աուն հաւաստեց, որ ներկայ կառավարութիւնը չի փափաքիր երկրին շահերը ապահովել, որովհետեւ ան կը մերժէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը, այսինքն՝ կառավարութիւնը կը մերժէ, որ բոլոր կողմերը մասնակցին երկրին իշխանութեան պատասխանատուութիւնը վերցնելու աշխատանքին։ «Այս պատճառով ես կը կարծեմ, որ միջնորդական բոլոր քայլերը պիտի չկարենան լուծում մը ապահովել Լիբանանին։ Միջնորդական բոլոր նախաձեռնութիւնները այժմ տեղքայլի մէջ են, իսկ մենք յստակ ժամանակացոյց մը ճշդած ենք մեր աշխատանքներուն համար եւ պիտի գործադրենք մեր քայլերը՝ ըստ մեր որդեգրած կեցուածքներուն», յայտնեց ան։
Աուն շեշտեց, որ ընդդիմութիւնը ստիպուած չէ 15 տարուան ընթացքին իշխած կառավարութիւններուն կուտակած նիւթական բացին պատասխանատուութիւնը կրելու։ «Երբ կառավարութիւնը կը սխալի, ապա ինք պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները, սակայն կառավարութիւնը կը կրկնէ իր սխալները։ Երբ կառավարութիւն մը երկրին արդիւնաբերութիւնը կը հասցնէ իր նուազագոյնին, իսկ պարտքերը առաւելագոյնին, ապա կարելի չէ անոր վստահութեան քուէ տալ», ըսաւ Աուն։
Ընդդիմութեան գործադրելիք մագլցողական քայլերուն իբրեւ հետեւանք ծագելիք քաղաքացիական պատերազմին հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Աուն ըսաւ, որ ընդդիմութիւնը բաւարար չափով համբերած է արդէն, սակայն կարելի չէ տեղի տալ՝ վախնալով քաղաքացիական պատերազմի մը բռնկումին հաւանականութենէն։ «Ոչ մէկը կը փափաքի քաղաքացիական պատերազմ տեսնել Լիբանանի մէջ, սակայն անոր հաւանականութիւնը մեր գլխուն վրայ պիտի մնայ սուր մը։ Կը կարծեմ, որ քաղաքացիական պատերազմի սպառնալիքը կառավարութեան կողմէ կը շահագործուի, որպէսզի ժողովուրդը արգիլէ իր իրաւունքները պահանջելէ», նշեց ան։
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, թէ կացութիւնը ոչ միայն վատ է, այլ շատ վտանգաւոր: «Ահազանգ կը հնչեցնեմ, որ եթէ հարցերը այս ընթացքով շարունակուին յաւելեալ մագլցում պիտի արձանագրուի եւ թերեւս պայթումի յանգի: Խորհրդարանական մեծամասնութեան կ՚ըսեմ զգոյշ… եւ կոչ կ՚ուղղեմ բոլորին՝ այս երկիրը փապուղիէն դուրս բերելու համար իրենց պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ բոլորն ալ պիտի տուժեն, եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան խմբակը ամէնէն աւելի տուժողը պիտի ըլլայ»։