ԼՈՆՏՈՆ.- Ուրբաթ, Յուլիս 6 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը անգամ մը եւս դատապարտեց Թուրքիոյ բանտերուն մէջ շարունակուող չարչարանքները, մտահոգիչ համարելով այն իրողութիւնը, որ երկրին իշխանութիւնները անպատիժ կը ձգեն զինուորներու եւ ոստիկաններու կողմէ գործադրուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները:
Կազմակերպութիւնը կը շեշտէ, թէ ոստիկաններու կողմէ սպաննուած կամ վիրաւորուած քաղաքայիններու կողմէ բացուած դատերը շարունակաբար կը յետաձգուին կամ երբեք տեղի չեն ունենար, ապահովական ուժերուն հանդէպ արդարադատութեան ցուցաբերած մեղմ կեցուածքին պատճառով:
«Երկրին քրէական օրէնքները պէտք է բարեփոխուին, եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը պէտք է առաջնակարգ տեղ գրաւէ այդ բարեփոխութեանց մէջ», կը յայտնէ կազմակերպութեան պաշտօնատարներէն Նիքոլա Տաքուըրթ: