ԵԱՀԿ նախարարական համաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաուի հետ: «Արմէնփրէս»ը այս մասին տեղեկացաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցեր:
Անդրադառնալով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումին՝ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ատրպէյճանական զինուած ուժերու դուրսբերումը եւ մարդասիրական բնոյթի հարցերու հասցէագրումը հայկական կողմին համար առաջնահերթութիւն են: Այս պարունակին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ ԵԱՀԿի կարիքներու գնահատման առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ`յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ անիկա պիտի նպաստէ լարուածութեան նուազեցման եւ կայունութեան հաստատման:
Միրզոյեան ներկայացուց նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութեան եւ խաղաղութեան հասնելու վերաբերեալ հայկական կողմին մօտեցումները: