ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքի Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին Վատիկանի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Պենետիքթ ԺԶ. պապին հետ եւ անոր փոխանցեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատէն պատգամ մը:
Վատիկանի լրատու սպասարկութիւնը ոչինչ հաղորդեց պատգամի բովանդակութեան մասին, իսկ Իրանի պետական լրատու գործակալութիւնը միայն ըսաւ, որ պատգամը քաղաքական հարցերու հետ առնչութիւն չունի, այլ՝ կ’արծարծէ միջկրօնական կապերու եւ յարաբերութիւններու կապուած հարցեր: