Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիա՝ իբրեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու մասնակցող՝ կը շարունակէ կատարել իր պարտաւորութիւնները եւ Երեւանի ու Պաքուի հետ բարդ աշխատանք կը տանի:
Լրագրողներու խնդրանքով պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Քրեմլին համերա՞շխ է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի Ատրպէյճանին ուղղուած կոչին` անյապաղ բանալու Լաչինի միջանցքը՝ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսաւ. «Ռուսիա, իբրեւ երկու տարի առաջ ստորագրուած եռակողմ համաձայնութիւններու եւ փաստաթուղթերու կողմ՝ կը շարունակէ կատարել իր պարտաւորութիւնները: Եւ կը շարունակէ չափազանց, չափազանց քրտնաջան եւ բարդ աշխատանքը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ»:
Թէ յստակ ո՛ր հարցերուն շուրջ Մոսկուա բարդ աշխատանք կը տանի երկու երկիրներուն հետ, Փեսքով չմանրամասնեց։