Մոսկուա Երեւանի հետ հաստատած է բարձր մակարդակի կապեր՝ քննարկելու Միջազգային քրէական դատարանի կանոնագիրքի հնարաւոր վաւերացման հարցը: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Անհրաժեշտ չեմ նկատեր բացայայտել այդ կապերուն մանրամասնութիւնները: Կ՛ենթադրենք, որ այս հարցը պիտի կարգաւորուի դաշնակցային եւ փոխընդունելի ձեւով», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ, Սահմանադրական դատարանը յայտարարեց, թէ Միջազգային քրէական դատարանի կանոնագիրքը կը համապատասխանէ Հայաստանի մայր օրէնքին: Եթէ անիկա վաւերացուի նաեւ խորհրդարանին մէջ, Հայաստանի իրաւապահները պարտաւոր կ՛ըլլան ձերբակալելու Ռուսիոյ նախագահը, եթէ վերջինս Հայաստան այցելէ: