ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիա հարցում ուղարկեց ՆԱԹՕին եւ ԵԱՀԿին՝ անոնցմէ պահանջելով բացատրել, թէ արդեօք անոնք մտադի՞ր են յարգել իրենց ստանձնած ապահովութեան հիմնական պարտաւորութիւնները, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Այսօր (Կիրակի) արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով մենք պաշտօնական հարցում ուղարկեցիք դաշինքի եւ ԵԱՀԿի մեր գործընկերներուն՝ հրատապ բացատրութեան պահանջով, թէ անոնք ինչպէ՛ս մտադիր են կատարել իրենց ապահովութիւնը ուրիշներու ապահովութեան հաշուոյն չամրապնդելու պարտաւորութիւնը: Եթէ մտադիր չեն, թող բացատրեն, թէ ինչո՛ւ: Ասիկա առանցքային հարցը պիտի ըլլայ՝ որոշելու մեր հետագայ առաջարկները, զորս մենք պիտի փոխանցենք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին», ըսաւ Լաւրով:
Նշենք, որ Դեկտեմբերին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած էր Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի կողմէ ապահովական երաշխիքներու տրամադրման վերաբերեալ ռուսական երկու փաստաթուղթերու նախագիծեր, որոնք գլխաւորաբար կը վերաբերին ՆԱԹՕի՝ դէպի արեւելք ընդարձակուիլը կասեցնելուն:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու մօտ Ռուսիոյ դեսպանը Ուաշինկթընին կոչ ըրաւ՝ դադրեցնելու Ուքրանիոյ սպառազինումը, ինչ որ «Քիեւի վարչակարգը կը հրահրէ Տոնպասի բնակիչներուն դէմ բռնի ուժի դիմելու արկածախնդրութեան»:
Աւելի կանուխ, Քրեմլինը յայտարարեց, որ Փութինի եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ տեղի ունեցաւ երկարատեւ հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Ուքրանիոյ կացութեան զարգացումները եւ Ռուսիոյ առաջարկած ապահովական երաշխիքներու հարցը:
Փութին Մաքրոնին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի պատասխանը նկատի չէ ունեցած Ռուսիոյ հիմնական մտավախութիւնները, ինչպէս՝ ՆԱԹՕի ընդլայնման կասեցումը, ռուսական սահմաններուն մօտ հարուածային զէնքերու համակարգերու տեղակայման մերժումը ու ՆԱԹՕի զինուորական կարողականութեան ու ենթակառոյցներուն վերադարձը 1997ի դիրքերուն, երբ Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕի միջեւ հիմնարար համաձայնութիւն ստորագրուած էր:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիա պիտի սերտէ Ուաշինկթընի եւ ՆԱԹՕի իր առաջարկներուն տուած պատասխանը եւ անկէ ետք պիտի ճշդէ իր հետագայ քայլերը։
Մաքրոն իր կարգին Փութինին յայտնեց Ֆրանսայի կեցուածքը՝ եւրոպական միացեալ կեցուածքի ծիրին մէջ, որ եւրոպական ապահովութեան հարցով երկխօսութիւն կը ներառէ:
«Ռուսիա չի փափաքիր Ուքրանիոյ հետ պատերազմիլ: Արեւմուտքն է, որ իր նպատակները իրականացնելու համար, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմի գաղափարը կը ջատագովէ», իր կարգին յայտնեց Ռուսիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ:
Վերջապէս, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթըն յայտնեց, որ Ռուսիա ունի զինուորական կարողութիւններ, որոնք զայն կարող կը դարձնեն ուքրանական քաղաքներ եւ լայն տարածքներ իր վերահսկողութեան տակ առնելու, սակայն Ուաշինկթըն չի կարծեր, որ Մոսկուա այդ մէկը կատարելու կը պատրաստուի:
«Չենք կարծեր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ուքրանիոյ դէմ զինեալ ուժեր օգտագործելու վերջնական որոշում տուած է: Ներկայիս անիկա, անշուշտ, այդ մէկը իրականացնելու կարողութիւնը ունի: Եւ ունի բազմաթիւ ընտրանքներ, ներառեալ՝ քաղաքներ եւ լայն հողատարածքներ իր վերահսկողութեան տակ առնելը, ինչպէս նաեւ սադրիչ արարքներ կամ քաղաքական քայլեր, ինչպէս՝ անջատուած շրջաններու ճանաչումը», շեշտեց Օսթըն: