Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտարարեց, թէ Մոսկուա պատրաստ է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումին հարթակ տրամադրելու:
«Ռուսիա Ասթանայի բանակցութիւններուն ընթացքին փորձեց համոզել ետ կանգնելու գործողութենէ մը, որ կրնայ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումի յանգեցնել», ըսաւ Լաւրենթիեւ՝ աւելցնելով. «Պէտք է քիւրտերուն եւ Դամասկոսի միջեւ երկխօսութիւն կատարել. երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, եւ ծրագիր գոյացաւ, եւ Ռուսիա կը յուսայ, որ անոնց միջեւ հաղորդակցութիւն տեղի կ՛ունենայ»:
Նշենք, որ «Սփութնիք»ը շաբաթավերջին հաղորդեց, որ Գամիշլիի վրայ կատարուած թրքական ռմբակոծման պատճառով մահացան քիւրտերու ղեկավարած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու պաշտպանութեան նախարարը եւ անոր երկու թիկնապահները:
Թուրքիա կը շարունակէ հրթիռակոծել Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները: «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով քրտական աղբիւրները՝ կը պնդէ, որ թրքական անօդաչու թռչող սարքէ մը արձակուած հրթիռներէն մէկը հարուածած է նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող ռուսական ռազմակայաններէն մէկը:
Թրքական հարուածներու թիրախ դարձած էին նաեւ Քաթանիա շրջանին մէջ գտնուող քարիւղի հորերը, ինչպէս նաեւ Հասաքէ քաղաքին մէջ գտնուող ելեկտրակայանը:
Ըստ «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին՝ թրքական բանակը հարուածներ հասցուց նաեւ սուրիացի քիւրտերու այն ստորաբաժանումներուն, որոնք կը հսկեն շրջանի մեծագոյն բանտը նկատուող «Հոլ» ճամբարին: Այստեղ, շուրջ 50 հազար անձեր կը պահուին՝ հիմնականին մէջ «Իսլամական բանակ» ահաբեկչական կազմակերպութեան նախկին զինեալներ, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքներու անդամները, ներառեալ՝ օտար երկիրներու քաղաքացիներ: