ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Անգարա այցելող Փաքիստանի նախագահը Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ աշխատանք պիտի տանի վերակենդանացնելու համար Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը:
Նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆ իր այս շրջապտոյտը ձեռնարկած էր իսլամական որոշ երկիրներու ղեկավարներուն հետ խորհրդակցելու համար իսլամական աշխարհը յուզող հարցերը դիմագրաւելու միջոցներ գտնելու նպատակով: «Պիտի քննենք պաղեստինեան հարցը, ինչպէս նաեւ ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելով շրջանը հանդարտեցնելու խնդիրը», յայտարարեց Մուշարրաֆ Անգարայի մէջ:
Աւելի կանուխ ան Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր, իսկ Թուրքիոյ մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ իր պաշտօնակից Ահմատ Նէճտէթ Սէզէրի հետ:
«Թուրքիա եւ Փաքիստան անվերապահօրէն համաձայն են միասին աշխատելու ի խնդիր մեր շրջանին, իսլամական աշխարհին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատումին», ըսաւ ան, իր թուրք պաշտօնակիցին հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին:
Թուրքիոյ նախագահը խօսք առաւ եւ ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ միջցեղային եւ միջհամայնքային բախումներուն ծիրը հաւանաբար պիտի ընդարձակուի՝ ընդգրկելու համար այլ շրջաններ, եւ այս պատճառով անհրաժեշտ է նեցուկ կանգնիլ խաղաղ լուծման տանող նախաձեռնութիւններուն:
Մուշարրաֆ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Նկարին մէջ, Սէզէր եւ Մուշարրաֆ: