ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Ազգային ժողովի պատգամաւոր Յակոբ Ռ. Յակոբեան երէկ օրինականօրէն մեղադրուեցաւ խորհրդարանին մէջ գլխավոր դատախազի հրապարակած միջնորդագրով նշուած բոլոր դրուագներով:
Ըստ առաջադրուած մեղադրանքի, Յակոբեան Հոկտեմբեր 8ին Արարատի մարզի Հովտաշատ գիւղին մէջ կազմակերպած եւ կազմակերպուած խումբի մէջ զէնքի գործադրութեամբ խուլիգանական արարք կատարած է, ինչպես նաեւ խուսափած է հարկեր վճարելէ եւ չարաշահած է իր լիազօրութիւնները: Վերջին արարքները, ըստ գլխավոր դատախազի միջնորդագրի, պատգամաւորը կատարած է 1991-2005 տարիներուն:
Յակոբ Ռ. Յակոբեանի պաշտպան փաստաբանն է Ռուբէն Սարգսեան:
Օրինապահ մարմիններու համաձայն, անհաւանական չէ, որ յարուցուած քրէական գործերով այլ մեղադրեալներ եւս խնդրոյ առարկայ դառնան:
Ինք, Յակոբ Ռ. Յակոբեան, առայժմ կը խուսափի որեւէ տեսակէտ կամ մեկնաբանութիւն յայտնելէ մամուլին:
Իր պաշտպան փաստաբան Ռուբէն Սարգսեան եւս մերժեց որեւէ տեղեկութիւն տալ մամուլին, ըսելով, որ առանց իր պաշտպանեալի հետ խորհրդակցելու, այդ մէկը չի կրնար ընել: