Պատմական Հայաստանի Տերսիմ նահանգի (Եկեղեաց գաւառ) հայերու ժողովրդական երգերը Մայիսի սկիզբը հրապարակուեցան «Քալան միւզիք» ընկերութեան կողմէ՝ Միքայիլ Ասլանի չորս տարուան տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ: Խտասալիկը կը կոչուի «Տերսիմի ժողովրդական երգերը-Փեթակ»:
Միքայիլ Ասլանի եւ իր գործընկերներու աշխատանքին շնորհիւ հրապարակուած խտասալիկը կ՛ընդգրկէ Տերսիմի Փեթակ գիւղի եւ Տերսիմի այլ շրջաններու մէջ ապրած հայերու պատկանող 12 ժողովրդական մեղեդիներ:
Քրտական AKnews.com կայքէջին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Միքայիլ Ասլան յայտնած է, թէ խտասալիկի պատրաստութեան աշխատանքներուն համար ճամբորդած է Հայաստան, եւ Երեւանի մէջ «գիշեր-ցերեկ տքնաջան աշխատած՝ հայ երաժիշտներ Տիգրան Յակոբեանի եւ Լիլիթ Սիմոնեանի հետ»:
Ան նշած է նաեւ, որ խտասալիկի երգերու մշակման մէջ մեծ ներդրում ունեցած են նաեւ շնորհալի երաժիշտներ Մարօ Մուրատեան, ՆորայրԳրիգորեան, ինչպէս նաեւ «Ակունք» համոյթը:
Միքայիլ Ասլան նշեց, որ Տերսիմի մէջ մանկութեան օրերուն միշտ լսած է հայկական գիւղերու անուններ, սակայն տարիներ ետք միայն տեղեկացած է, թէ անոնք ո՞ր լեզուին պատկանող անուններ են: Ան ըսաւ, թէ չորս տարի տեւած աշխատանքներուն ընթացքին ծանօթացած է Տերսիմի եւ շրջակայ բնակավայրերուն պատկանող շուրջ հայկական ժողովրդական 100 երգերու, եւ «հաւաքած» է զանոնք. «Այսօր մենք վերստին հնչեղութիւն տուինք դարեր շարունակ Տերսիմի եւ անոր մօտակայ շրջաններուն մէջ երգուած ժողովրդական երգերուն: Տիեզերքի մէջ արձագանգուած որեւէ ձայն չի կորսուիր», յայտնեց Ասլան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.