ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Իւրաքանչիւր տարեմուտ անպայմանօրէն իր հետ կը բերէ նոր երազանքներ, թիրախային նոր նպատակներ, յոյսեր եւ ամէնէն կարեւորը՝ նոր շունչ կը հաղորդէ արդէն սկսուած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն։ Վերանորոգման այս աւիշը կը վարակէ ընդհանրապէս բոլորը։
Նոր աշխուժութեամբ եւ նոր վերանորոգ կամքով պէտք է դիմաւորէինք 2023ը, սակայն հայ կեանքէն ներս տիրող ապառողջ մթնոլորտը եւ քաղաքական դէպքերու ոչ-հայանպաստ դասաւորումը լարուած մթնոլորտ մը ստեղծած է մեր շուրջը, որուն յաղթահարման կարիքը կը զգանք ազգովին։ Այդ յաղթահարման ճիգին մէջ անպայմանօրէն իրենց դրական եւ ոգեւորող դերակատարութիւնը կ՛ունենան յոբելեարները, որոնք իրենց ապրած կեանքի օրինակով կը խթանեն մեր կամքերը եւ կը զօրացնեն հաւաքական մեր հաւատքը հայութեան ապագային հանդէպ։
Ինչպէս իւրաքանչիւր տարի, 2023ը եւս իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ դէմքերու եւ դէպքերու յոբելեարներ, մահուան յիշատակի թուականներ եւ քաղաքական դէպքերու տարեդարձներ։ Այդ տարեթիւերէն շատ-շատերը մոռացութեան մատնուած են կամ ալ կը փորձենք յիշել ի միջի այլոց։ Այդ յոբելեարներուն մէջ կրնան պատահիլ այնպիսիներ, որոնք սոսկական անուն չեն մեր պատմութեան կամ մշակոյթին մէջ։ Այդ տարեդարձներուն մէջ կրնանք հանդիպիլ թուականներու, որոնք թաքուն կամ բացայայտ կերպով աղէտաբեր եղած են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար եւ մեր այսօրուան կեանքը այդ դէպքին զարգացման շղթային մէկ օղակն է։ Ճիշդ է, որ կարգ մը միութիւններ կամ կազմակերպութիւններու միաւորներ հանդիսաւոր կերպով կը նշեն այդ տարեթիւերը, բայց նաեւ պէտք է ընդգծել, որ յաճախ առօրեայ հեւքին մէջ թաղուելով, երբեմն աններելիօէն մոռացութեան տալով, իսկ երբեմն ալ անհոգութեան կամ ծուլութեան հետեւանքով կը մոռցուին անհատականութիւններ, որոնց մէջ կրնան պատահիլ այնպիսիներ, որոնք իրենց գործունէութեամբ շատ աւելին տուած են մեր ժողովուրդին, քան միութիւն մը կամ կազմակերպութեան մը մէկ միաւորը։ Այստեղ այդ միաւորներուն կամ միութիւններուն գործունէութեան շուրջ հարցականներ ստեղծել չէ նպատակս, այլ այն անկրկնելի անհատականութիւններուն նշանակալից դերակատարութեանց կարեւորութիւնը ընդգծելն է եւ ըստ պատշաճի անոնց արժեւորումը։
Եթէ պահ մը փորձենք նշել այս տարուան հետ կապուած տարեդարձներն ու ամեակները, պիտի նկատենք, որ երեւան պիտի գան մեծութիւններ եւ հայոց պատմութեան վերջին 150 տարիներու ամէնէն կարեւոր դէպքերու թուականներու ամեակները։ Ո՞վ ծանօթ չէ Զապէլ Եսայեանին (1878-1943, ծննդեան 145ամեակ, նահատակութեան 90ամեակ), Յակոբ Օշականին (1883-1948, ծննդեան 140ամեակ, մահուան 80ամեակ), Վազգէն Շուշանեանին, Շահան Շահնուրին եւ Արամ Խաչատուրեանին (ծննդեան 120ամեակ)։ Ո՞վ չէ կարդացած Րաֆֆիի եւ Ծերենցի (մահուան 135ամեակ) վէպերը։ Սփիւռքահայ լաւագոյն գրողներէն են Անդրանիկ Ծառուկեանը (ծննդեան 110ամեակ) եւ Շաւարշ Նարդունին (1898-1968, ծննդեան 125ամեակ եւ մահուան 55ամեակ)։ Յովհաննէս Թումանեանը (մահուան 100ամեակ) կը մնայ Ամենայն հայոց բանաստեղծը։ Ո՞ր հայը չի ճանչնար հայ մեծագոյն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանին (1843-1891, ծննդեան 180ամեակ)։ Հայ յեղափոխութեան մեծ դէմքերէն Արմէն Գարոյի (1872-1923, մահուան 100ամեակ) անունը խանդավառած է բոլոր պատանիները Պանք Օթոմանի գրաւման դէպքին ընդմէջէն, իսկ ՀՅԴի հիմնադիրներէն եւ «աշխարհիկ սուրբ»ին՝ Սիմոն Զաւարեանի մահուան 110ամեակն է այս տարի։
Շարքը կարելի է տակաւին երկարել։ Այստեղ նշեցինք միայն որոշ մեծութիւններ եւ հանրածանօթ դէմքեր։ Անոնց մասին կարելի է անդադար խօսիլ եւ յիշատակել զիրենք, իրենց ձգած ժառանգութեան եւ կատարած գործերուն ընդմէջէն։ Անոնք անուղղակի դաստիարակներ եղած են եւ նորահաս սերունդներուն եւ հայու կերպարի կերտման, ազգային նկարագիրի մաքրման եւ մարդկային ու բարոյական յատկանիշներու ամրապնդման մէջ իրենց վաստակը բերած են, բանաստեղծութիւններու, պատմուածքներու, վէպերու եւ ամէնէն կարեւորը՝ իրենց ապրած կեանքի օրինակով։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին պէտք է անդրադառնալ եւ անընդհատ յիշել եւ յիշեցնել այս եւ բոլոր յոբելեարներու մասին։
Այս տարին նաեւ տարեդարձն է կարգ մը դէպքերու, որոնք անկիւնադարձային եղան մեր պատմութեան համար եւ որոնք անտեսանելի թելերով կապուած են միմիանց հետ եւ կամ անուղղակի թէ ուղղակի շարունակականութիւն մըն են պատմական հոլովոյթի մը։ Պերլինի վեհաժողով (1878, 145ամեակ), Օսմանեան սահմանադրութիւն (1908, 115 ամեակ), Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն (1918, 105ամեակ), Լօզանի դաշնագիր (100ամեակ) եւ վերջապէս Արցախեան շարժման 35 ամեակ (1988)։
Վերջին 150ամեայ մեր պատմութեան ամէնէն կարեւոր թուականներն են վերոնշեալները։ Պերլինի վեհաժողովով սկսաւ Հայկական Հարցի միջազգայնացումը եւ կայծը տուաւ հայկական ինքնապաշտպանութեան եւ յեղափոխութեան։ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումով իշխանութեան եկան երիտթուրքերը, որոնք քանի մը տարի ետք իրագործեցին իրենց հրէշաւոր ծրագիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ 1918ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը այս տարածաշրջանին մէջ իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն գոյատեւելու հայ ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնն է։ Իսկ Լօզանի դաշնագիրը վերստին յաղթանակած Թուրքիոյ քաղաքական յաղթանակն էր, ի հեճուկս հայ, յոյն եւ քիւրտ ժողովուրդներու քաղաքական իրաւունքներուն։ Այս տխրահռչակ դաշնագիրէն 65 տարի ետք, խորհրդային կարգերու տակ իսկ, Արցախի եւ ապա հայրենի մեր ժողովուրդը պահանջատէր ներկայացաւ եւ սկսաւ Արցախեան խնդիրը, որ ցարդ կը մնայ անլոյծ։
Կ՛ըսուի թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։ Իսկ աւելի իմաստուններ կը պնդեն, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եթէ դասեր չքաղենք անկէ եւ նոյն սխալները կրկնենք։ Այսօր, Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած գոյութենական վտանգի այս օրերուն, անհրաժեշտ է վերոնշեալ դէպքերուն սառնասիրտ դատողութեամբ քաղաքական վերլուծութիւնը կատարել, հասկնալ մեր սխալները եւ զանոնք չկրկնելու կամքով ու գիտակցութեամբ օժտուած գործել։ Այլապէս պատմութիւնը այս անգամ կրնայ չներել մեզի։
Յոբելեարներուն եւ վերոնշեալ դէպքերու պատգամն է, որ այլեւս իրաւունք չունինք սխալելու եւ պարտաւոր ենք առաջնորդուելու հայոց պետականութեան շահերով։
Միմիայն պետականութեան շահերով։