ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2006ի Յուլիս 1էն մինչեւ այժմ, Սահմանադրական դատարան դիմած է 532 քաղաքացի, որոնց 20ին դիմումները ընդունուած են: Այս 20ին մէկ մասը արդէն քննուած է, միւսները ընթացքի մէջ են:
ՍԴի քննութեան ենթակայ չէ ներկայացուած դիմումներէն 190ը: Դատարան դիմած քաղաքացիներէն 306ը ստացած է խորհրդատուութիւն:
Այս ընթացքին երկու դիմում կատարուած է ԱԺի պատգամաւորներէ, մէկական՝ Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ համայնքներու առաջին ատեանի դատարանէն եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանէն:
Եղած են դէպքեր, երբ քաղաքացիները չեն վերահաստատած իրենց դիմումները եւ անոնք վերադարձուած են: