Չորեքշաբթի, 20 Յունիսի կէսօրուան ժամերուն, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներէ բաղկացած ներկայացուցչութիւն մը այցելեց Աթէնքի մէջ Յունաստանի մօտ Չիլիի դեսպանութեան, ողջունելով վերջերս որդեգրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի որոշումը, Չիլիի Ծերակոյտին կողմէ:
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները ընդունուեցան Չիլիի դեսպան Սոֆիա Փրացի կողմէ, որուն շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսք ուղղեցին հայութեան անունով: Ողջունելով Չիլիի Ծերակոյտին կողմէ առնուած յանդուգն քայլը, նշուեցաւ արդարութեան եւ ճշմարտութեան սկզբունքները վեր պահելու երկրի քաջ կեցուածքը, որ անգամ մը եւս շեշտը դրաւ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ուրացման քաղաքականութեան վրայ: Նկատի ունենալով, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը Ծերակոյտի վաւերացումը ստանալէ ետք նախագահի ստորագրութեան պիտի յղուի, հարցը կը շարունակէ մեծապէս հետաքրքրել քաղաքական շրջանակները, նկատի առնելով, որ Լատին Ամերիկեան երկիրներէն Չիլի չորրորդն է, որ կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը՝ Ուրուկուէյի, Վենէզուէլլայի եւ Արժանթինի միանալով:
Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ դեսպանատան քաղաքական խորհրդատուն:
Մէկ ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերները առիթը ունեցան Չիլիի պաշտօնատարներուն տեղեկացնելու յանձնախումբի տարած աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս գործունէութեան մասին, խօսելու Հայաստանի իրավիճակի մասին, անդրադառնալու Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման եւ լայն տեղեկութիւններ փոխանցելու հայութեան պահանջատիրական դատի մասին:
Դեսպանը իր կարգին ծանօթացուց Չիլիի մէջ տիրող քաղաքական կեանքը ու անդրադարձաւ ընկերային իրավիճակի կապուած նիւթերու: