ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա».- Երէկ, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական միութեան եւ «Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները երթ մը կազմակերպեցին դէպի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ դեսպանատուներ եւ յանձնեցին իրենց կողմէ պատրաստուած քաղաքական պահանջներու յուշագիր մը, ուր ըսուած է. «Անհրաժեշտ է Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացում ներգրաւել նաեւ Շահումեանի եւ նրա բնակիչների ճակատագիրին վերաբերող հարցը»:
15 տարի առաջ Յունիս 13ին Շահումեանը ինկաւ: Այդ օր Ատրպէյճանի բանակի վայրագ գործողութիւններու հետեւանքով, ԼՂՀի մաս կազմող Շահումեանի շրջանը, իր տասնեակ մը բնակավայրերով եւ մօտաւորապէս 17 հազար բնակչութեամբ հայաթափուեցաւ:
Հակառակ յամառ դիմադրութեան՝ հայկական ուժերը ստիպուած էին նահանջել պաշտպանական դիրքերէն եւ ապահովել խաղաղ բնակչութեան գաղթը: Ուժերը անհաւասար էին եւ այլ ելք չկար: Չորս տարի շարունակ Շահունեանի ինքնապաշտպանութիւնը ղեկավարող Շահէն Մեղրեան, հայաթափումէն յետոյ արդէն որպէս հայդուկային ջոկատներու հրամանատար, պայքարեցաւ Շահումեանի ազատագրման համար եւ 1993ին ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով իր խումբ մը զինակիցներուն հետ նահատակուեցաւ Շահումեանի դիրքերը տեղափոխուելու ժամանակ: