Անցնող Յունուարի 19էն ի վեր, միջազգային մամուլը արձագանգ կը հանդիսանայ հարցի մը, որ խորքին մէջ հարցադրումի վերածուած է: Թէ ո՞րն է իսկական Թուրքիան: Ա՞յն, ուր հարիւր հազար հոգի կը մասնակցի սպաննուած հայ լրագրողի մը յուղարկաւորութեան ընթացքին՝ «Բոլորս ալ հայ ենք» ցուցանակներ բռնած, թէ միւսը՝ Մալաթիոյ մէջ, ուր տեղւոյն եւ Խարբերդի ֆութպոլի մրցումի ընթացքին ամբողջութեամբ տարբեր պաստառներ պարզուած էին (օրինակ՝ «Ոչ հայ ենք, ոչ ալ մալաթիացի, մենք Թուրքիան կը սիրենք»):