ՇԱՆԿՀԱՅ, «Ռոյթըրզ».- Արհեստավարժ թենիսի լաւագոյն ութ թենիսմէնները մէկտեղող «Մէսթըրզ բաժակ»ի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, տիտղոսակիր Դաւիթ Նալպանտեան Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14ին կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ սուր պայքարէ մը ետք տեղի տալով խրուաթ Իվան Լիուպիչիչի առջեւ, 7-5, 6-7 (7-9), 5-7 արդիւնքով: Նալպանտեան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ ամերիկացի Էնտի Ռոտիքի դէմ, որ նոյն օրը պարտութիւն մը կրեց առաջին դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետէրէրէն:
Նկարին մէջ, Նալպանեան Երեքշաբթի օրուան մրցումին դադարներէն մէկուն ընթացքին: