ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1ին Ռուսիոյ մէջ սկսան Արժանթինի եւ Ռուսիոյ թենիսի ազգային խումբերու միջեւ կայացող «Տէյվիս» բաժակի աւարտախաղերը: Առաջին մրցումին արժանթինցի Խուան Իկանսիօ Չելա պարտութիւն մը կրեց ռուս Նիքոլայ Տաւիտենքոյէն, սակայն արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան կրցաւ արդիւնքը 1-1 հաւասարցնել, երկրորդ մրցումին 6-4, 6-4, 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելով աշխարհի նախկին թիւ մէկ Մարաթ Սաֆինը:
Ռուսիա կը փորձէ երկրորդ անգամ ըլլալով տիրանալ այս մրցաշարքի բաժակին, մինչ Արժանթին ցարդ չէ կրցած այս բաժակը բարձրացնել:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան կը տօնէ իր յաղթանակը: