Սեպտեմբեր 14-16, 2007ի շաբաթավերջին Շուշիի մէջ գումարուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան 11րդ Գերագոյն ժողովը ազդանշան տուաւ կուսակցութեան մասնակցութեան երկրի նախագահական ընտրութիւններուն։ Հայրենի քաղաքական շրջանակներու, հասարակական կարծիքի թէ մամլոյ օրգաններու սպասումն էր որ այդ ժողովէն յայտնի դառնայ կուսակցութեան նախագահական թեկնածուին անունը։ Այդ մէկը, սակայն, ինչպէս ժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան վերջին երկու կէտերը կը բացայայտեն, կուսակցութիւնը դեռեւս պիտի որոշէ Նոկեմբերին կայանալիք արտակարգ Գերագոյն ժողովի ընթացքին՝ ընտրութիւն կատարելով առաջադրուած երկու անուններու՝ Վահան Յովհաննիսեանի եւ Արմէն Ռուստամեանի միջեւ։ Յայտարարութեան առիւծի բաժինը, սակայն, Գերագոյն ժողովի որոշումներու հիմնաւորումը հանդիսացող տասնմէկ կէտերն են, որոնք ինքնըստինքեան կ՚ուրուագծեն Դաշնակցութեան նախագահական ընտրապայքարի բովանդակութիւնն ու ոճը։
Գերագոյն ժողովի որոշումը, բնականաբար, առիթ տուաւ հակազդեցութիւններու, որոնց կարգին՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) նորընտիր փոխնախագահ Գալուստ Սահակեանի յայտարարութիւններուն, «Լրագիր»ի 17 Սեպտեմբերի համարին մէջ։ Սահակեան պաշտօնապէս հրաւիրուած էր իր կուսակցութիւնը ներկայացնելու Գերագոյն ժողովի բացման։ Որպէս հանրապետականներու գլխաւոր բանբեր ընտրապայքարային այս ամիսներուն, բնականաբար իր հակազդեցութիւնը իր նշանակութիւնը ունի հայաստանեան ներքաղաքական դաշտի հետագայ զարգացումներուն հեռանկարով։ Սահակեանի յայտարարութենէն կարելի է հետեւցնել, որ երկու կուսակցութիւններու փոխադարձ յարգանքի նախանձախնդրութիւնը առկայ է, ինչ որ դրական է երկրի ներքաղաքական կեանքի առողջ կայունութիւն եւ ժողովրդավար մրցակցութեան ազատութիւններով պայմանաւորուած կառավարելիութիւն ապահովելու համար։ Ինչ որ Գալուստեան, ըստ երեւոյթին, կը ձախողի հասկնալ՝ Դաշնակցութեան դիրքորոշման «դրական ընդդիմութեան» հասկացողութիւնն է, որ բանաձեւուած է կուսակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի կողմէ Սփիւռքի մամլոյ օրգաններուն իր տուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին։ Այդ մասին լրագրողներու ուղղակի հարցումին պատասխանելով, Գալուստեան կարծես թէ «պահանջ» դրած է, որ Հ.Յ.Դ.ն յստակացնէ իր կեցուածքը՝ դիմութի՞ւն, թէ ընդդիմութիւն այլընտրանքային մօտեցման հարթակին վրայ։
Հանրապետականներուն մօտեցումը հասկնալի է։ Ինքնավստահ, թէեւ կարելի չէ ըսել բոլորովին անմտահոգ, իրենց թեկնածուին՝ վարչապետ Սերժ Սարգսեանին ընտրական յաղթանակին, հանրապետականները կը պատրաստուին յարատեւել իշխանութեան վրայ։ Եթէ նկատի ունենանք, որ համաձայնական կառավարութեան Հանրապետականին գործընկերը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, յանձինս իր հիմնադիր-ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի, զօրակցութիւն յայտնած է Սարգսեանի թեկնածութեան, առաւել՝ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարած է, որ ինք իր յաջորդը կը տեսնէ Սարգսեանը, կարելի է եզրակացնել, որ Հանրապետականը արդէն իր ուղին հարթած է՝ դառնալու համար երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ ուժային լծակները իր ձեռքերուն մէջ պահած հատուածի տիրապետութիւնը ամրապնդող ու յաւերժացնող կուսակցութիւնը։ Գործընթաց մը, որ ընտրուելու պարագային, Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն պիտի ձգտի կայանալ։ Իշխանական այս համակարգը միակուսակցական դրութիւն չէ, ոչ ալ ընդդիմութեան տարածութեան ժխտում։ Սակայն շատ մօտ է, օրինակի համար, Մեքսիքոյի քաղաքական դաշտին վրայ մենաշնորհ հաստատած ՓՌԻի (Փարթիտօ ռեվոլուսիենարիօ ինստիտուսիոնալ – Յեղափոխական հիմնարկային կուսակցութիւն) կառավարելիութեան համակարգին, որ գրեթէ ամբողջ քսաներորդ դարուն տիրապետեց երկրի ճակատագրին։
Ազգային հիմնախնդիրներու հարթակին վրայ, ի մասնաւորի ինչ կը վերաբերի երկրի անվտանգութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Դաշնակցութիւնը Հանրապետականին հետ գործակցելու ամէն իրաւունք ունի։ Ի վերջոյ, այս այն կուսակցութիւնն է, որ վերջ տուաւ Հայոց համազգային շարժման ապազգային, մինչեւ իսկ ազգի երկպառակման քաղաքականութեան։ Սակայն Դաշնակցութիւնը չի՛ կրնար անտեսել ծրագրային ու գաղափարախօսական այն տարբերութիւնները, որ ունի Հանրապետականին հետ։ Հանրապետականը, օրինակի համար, երբեք խանդավառութիւն ցոյց չտուաւ Սփիւռքին քաղաքացիութեան իրաւունք տալու հարցով եւ իր տեսադաշտը կը սահմանափակուի հայաստանեան սահմաններէն ներս ընթացող ազգային հոլովոյթով։ Լաւագոյն պարագային Հանրապետականը կրնայ ձգտիլ Հայաստանէն տնտեսական պատճառներով արտագաղթած զանգուածին յաջող գործատէրերուն հետ յարաբերութիւններ ստեղծելու, սակայն ցարդ ոչ կարելիութիւն, ոչ ալ տրամադրութիւն ունի Սփիւռքը ներգրաւելու հայրենի քաղաքական գործընթացին մէջ։ Փաստօրէն, նոյնիսկ եթէ չընդդիմացաւ անցեալ 26 Փետրուարին ընդունուած երքաղաքացիութեան օրէնքի անցկացման, օրէնքի գործադրման անհրաժեշտ հայեցակարգի ստեղծման այսքան ձգձգումը կը բացատրուի նաեւ Հանրապետականի առնուազն մէկ կարեւոր հատուածի Սփիւռքի քաղաքական ներգրաւման նկատմամբ ունեցած լուռ դժկամութեամբ։
Դաշնակցութիւնը Հանրապետականէն պիտի՛ տարբերուի յատկապէս իր ընկերային-տնտեսական սկզբունքներով եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի զարգացման հասկացողութեամբ։ Եւ այդ մասին են 11րդ Գերագոյն ժողովի յայտարարութեան հիմաւորումները, որոնք շատ հաւանաբար Հանրապետականը, եւ ընդհանրապէս Հայաստանի իշխանական հատուածը աւելի մտահոգեն, քան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի թեկնածութեան մասին ամէն ենթադրութիւն: Արդարեւ, այդ կէտերն են, ահաւասիկ, որ կը բացայայտեն Դաշնակցութեան ընդդիմադիր դիրքը, ի մասնաւորի՝ քննադատական կեցուածքը ժողովրդավարական գործընթացի դանդաղեցումին, ժողովուրդի հիասթափութեան ու օտարման, տնտեսութեան ու քաղաքականութեան սերտաճման, իշխանութեան եւ պետութեան նոյնացման հանդէպ։ Յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ այլընտրանքային ուղի մը ազգի զարգացման հեռանկարով, ընդ որում շեշտելով «բովանդակ հայ ժողովուրդի կարողականութիւնը», իշխանութեան հակակշռումի ու զսպումի մեքանիզմներու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, «ընկերային պաշտպանուածութիւնը», «իրաւահաւասարութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու յարգանքը»։ Ճիշդ է, կուսակցութեան ընկերվարական գաղափարախօսութեան սկզբունքներէն մեկնելով թերեւս ակնկալելի էր, որ յայտարարութիւնը քիչ մը աւելի շեշտէր ընկերային ահաւոր անարդարութեան առկայութիւնը, ազատ շուկայական մենաշնորհային տարբերակին յառաջացուցած հասարակական բեւեռացումը, դրամագլուխի խիստ կեդրոնացումը, բացառաբար շինարարութեան եւ ելեւմտական սպեկուլացիայի վրայ հիմնուած տնտեսական զարգացման ներհակ վտանգը, մէկ խօսքով՝ ամէն ինչ, որ կեդրոն-ձախ դիրքերէ մեկնած առողջ քննադատութիւն մը այսօր անհրաժեշտաբար պէ՛տք է ընէ հայաստանեան ներքաղաքական ոլորտին մէջ։ Սակայն, հասկնալի է, որ թէ՛ ընտրութիւններու կապուած գործնապաշտ նկատառումներով, եւ թէ անկախութենէն յետոյ ընթացք առած անցումի հոլովոյթին ստեղծած մտայնութեան որպէս արդիւնք, առայժմ կուսակցութեան երբեմնի յստակ բանաձեւումները յուսալիօրէն ժամանակաւոր կերպով բարեփոխումներու ենթարկուած ըլլան։ Ամէն պարագայի, սակայն, Դաշնակցութեան «դրական ընդդիմութեան» դիրքորոշումը հայրենի ներքաղաքական ոլորտին մէջ երկրի զարգացման ընկերային-դեմոկրատ այլընտրանքային դաշտի ստեղծման յստակ տրամադրուածութեան արտայայտութիւն է։
Եւ հոս է, որ պէտք է հասկնալ նախագահական ա՛յս ընտութիւններուն Դաշնակցութեան մասնակցութեան բովանդակութեան ու ոճի, եթէ ոչ նաեւ նպատակի իմաստը։ Հոն, ուր Հայաստանի քաղաքական մնացեալ բոլոր ուժերը թեկնածուի, անձի՛ խնդիր կը դնեն, Դաշնակցութիւնը հանդէս կու գայ ծրագրային առաջարկներով։ Այլ խօսքով՝ նախագահական ընտրութիւններու Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը կը շարունակէ անցեալ Մայիսին խորհրդարանական ընտրութիւններու մասնակցութեան ստեղծած իւրայատուկ ոճը, եւ նախագահական ընտրութիւններէն անդին կը ձգտի ամրակայել եւ ընդարձակել իր ընտրահատուածը՝ ի խնդիր սոցիալ-դեմոկրատ այլընտրանքի արմատաւորման։ Դաշնակցութեան քաղաքական պայքարի ուղին այսօր ա՛յս հրամայականով թելադրուած է։
Նախագահական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը ունի երկրորդ իւրայատկութիւն մը: Ի տարբերութիւն քաղաքական միւս բոլոր ուժերուն, Դաշնակցութեան հայաստանեան կազմակերպութիւնը չի՛ կրնար անտեսել կուսակցութեան տեղն ու դերը Սփիւռքի մէջ պարզ այն պատճառով, որ չկայ այլ կուսակցութիւն, որ այս իրավիճակին մէջ գտնուի։ Այլ խօսքով, որքան ալ Սփիւռքը այսօր իրաւականօրէն զրկուած ըլլայ հայաստանեան քաղաքական գործընթացին մասնակցելու հնարաւորութենէն, Դաշնակցութեան սփիւռքեան շարքերուն ու համակիր զանգուածին համար նախագահական ընտրութիւնները կը ստեղծեն ազգային յատուկ յանձնառութիւն, որ իր կարգին կը վերածուի հայաստանեան կազմակերպութեան որոշումներուն եւ գործին մէջ նկատի առնուելիք բարոյական ազդակի: