ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ըստ «Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի քաղած տեղեկութիւններուն, Հայաստանի մէջ Մ. Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրուած Ռիչըրտ Հոկլընտ պիտի կոչուի մէկ այլ պաշտօնի:
Հոկլընտ, որ մինչեւ 2006 Տաճիկիստանի մէջ Ամերիկայի դեսպանն էր, նախագահ Ճորճ Պուշի կողմէ առաջադրուեցաւ իբրեւ Հայաստանի մէջ դեսպան, փոխարինելու համար Ճան Էւընզը:
Ծանօթ է, որ Էւընզ իր պաշտօնէն կանխահաս կերպով տուն կանչուած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ճանչցած ըլլալուն պատճառով, 2005ի Փետրուարին, Քալիֆորնիոյ մէջ: Պետական քարտուղարութիւնը ոչ միայն Էւընզի պարտադրեց հրապարակաւ ներողութիւն խնդրել իր «սխալին» համար, այլեւ Ամերիկեան արտաքին ծառայութիւններու ընկերակցութեան վրայ ճնշում բանեցուց, որպէսզի «Շինիչ տարակարծութեան» մրցանակը չշնորհէ Էւընզի:
Իբրեւ հակադարձութիւն պետական քարտուղարութեան կողմէ Հայկական Ցելղասպանութեան նկատմամբ դրսեւորուած անփափկանկատութեան, ամբողջ ամերիկահայութիւնը ընդդիմացաւ Հոկլընտի նշանակումին, երբ ան եւս Ծերակոյտի ունկնդրութեան ընթացքին չընդունեց Ցեղասպանութեան փաստը: Այս կէտին վրայ, Նիւ Ճըրզիի երկու ծերակուտականներէն՝ Ռապըրթ Մենենտէզ գործածեց անգիր օրէնքով իրեն տրուած իրաւասութիւնը եւ արգելք հանդիսացաւ Հոկլընտի նշանակումին:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան, ակնարկելով Հոկլընտի այլ պաշտօնի կոչուելուն, յայտարարեց. «Թէեւ ցարդ ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութիւն լսած ենք այս լուրը հաստատող, սակայն հաշուի առնելով Հոկլընտի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստի ուրացումը եւ հետեւողական մնալով մեր երկարատեւ վարքագիծին, պիտի ողջունենք Հոկլընտի անունը ետ քաշելու եւ Հայաստանի մէջ դեսպանի պաշտօնին նոր անուն մը առաջադրելու նախագահ Պուշի որոշումը»:
Համբարեան շարունակեց ըսելով. «Երբ դիւանագէտ մը կ’ուրանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ան չի կրնար ծառայել իբրեւ Ամերիկայի ներկայացուցիչը Երեւանի մէջ»: