ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի հրաւէրով, Փետրուարի երկրորդ կէսին Ֆրանսա պիտի այցելէ: Գարնան կը սպասուի նախագահի պաշտօնական այցելութիւնը Եգիպտոս:
Այս մասին Յունուար 29ին յայտնեց նախագահի մամլոյ քարտուղար Վիքթոր Սողոմոնեան եւ աւելցուց, որ Մոսկուայի մէջ Յունիսին Քոչարեան պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հերթական գերաստիճանին, նոյն ամսուն՝ դարձեալ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած տնտեսական համաժողովին:
Վ. Սողոմոնեան նշեց, որ Քոչարեան բաւական աշխոյժ արտաքին քաղաքական օրակարգ պիտի ունենայ այս տարուան առաջին կիսամեակին: