ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուչեհր Մոթթաքիի հրաւէրով, Դեկտեմբեր 17ին Իրան այցելեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները գոհունակութեամբ նշեցին, որ նախագահ Ռ. Քոչարեանի Յուլիսին Իրան կատարած այցէն յետոյ հետեւողականօրէն կեանքի կը կոչուին ստորագրուած համաձայնութիւնները, մասնաւորապէս, Իրան-Հայաստան կազի խողովակաշարի, բարձր լարման ելեքտրական երրորդ գիծի, ինչպէս նաեւ այլընտրանքային ճամբու կառուցման ծրագիրները: Շօշափուեցան նաեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ գործակցութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւնները:
Զրուցակիցները քննեցին երկկողմանի եւ տարածաշրջանային հարցերու լայն ծիր: Գոհունակութիւն յայտնուեցաւ յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացման եւ զանազան մակարդակներով երկկողմանի շփումներու առնչութեամբ:
Ընդգծելով երկկողմանի միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքը, զրուցակիցները անդրադարձան գոյութիւն ունեցող առեւտրատնտեսական կապերուն: Նշուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Իրանի բազմաբնոյթ գործակցութիւնը կը բխի ոչ միայն երկու երկիրներու շահերէն, այլեւ նպաստաւոր է ամբողջ տարածաշրջանին համար։ Այս առումով կողմերը առանձնացուցին Հիւսիս-Հարաւ առանցքի լիարժէք գործարկումը:
Նախարարները անդրադարձան տարածաշրջանային խնդիրներուն՝ միտքերու փոխանակում կատարեցին Իրաքի, Աֆղանիստանի, Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներուն շուրջ: Քննուեցան նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ գործակցութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւնները: Նախարար Օսկանեան ներկայացուց վերջին զարգացումները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցութիւններուն մէջ:
Կէսօրէ ետք, Վարդան Օսկանեանը ընդունեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ: Զրուցակիցները, բարձր գնահատելով Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ գործակցութիւնը, քննեցին երկկողմանի օրակարգին առնչուող հարցեր:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Իրանի դարաւոր բարեկամութեան եւ պատմամշակութային ընդհանրութիւններուն, նախարար Օսկանեան ընդգծեց, որ այդ կապերը այսօր հզօր հիմք կը ծառայեն երկու երկիրներու յատուկ յարաբերութիւններու զարգացման համար, որոնք կը շարունակեն ձեւաւորուիլ փոխադարձ յարգանքի ու փոխվստահութեան մթնոլորտի մէջ:
Օսկանեանի եւ Իրանի Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանիի հանդիպման ընթացքին, վերջինս տեղեկացուց միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ Իրանի հիւլէական ծրագիրներուն առնչուող վերջին զարգացումները, շեշտելով այդ ուժանիւթը խաղաղ նպատակներով օգտագործելու Իրանի իրաւունքը:
Ալի Լարիճանիի խնդրանքով, Օսկանեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցութիւններու ներկայ փուլը:
Օսկանեանի եւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ղոլամալի Հատտատ Ատելի հետ հանդիպման ընթացքին, կողմերը ողջունեցին երկու երկիրներու միջխորհրդարանական կապերու աշխուժացումը, համոզում յայտնելով, որ Սեպտեմբերին Իրանի խորհրդարանի նախագահ Հատտատ Ատելի Հայաստան կատարած այցելութիւնը նոր թափ կու տայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն:
Իրանի խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովը արդիւնաւէտ կառոյց է երկկողմանի յարաբերութիւններու խթանման համար եւ այդ պարունակով կարեւոր է երկու երկիրներու օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեանց միջեւ կանոնաւոր խորհրդատուութիւններու կայացման անհրաժեշտութիւնը:
Վարդան Օսկանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք երրորդ խորհրդաժողովի իրանահայ պատուիրակութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: