Թուրքերու կողմէ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը եւ քաղաքական աշխատանքները մասնակի բնոյթ ունին, քանի որ շեշտը կը դրուի մէկուկէս միլիոն զոհերու վրայ միայն, անգիտանալով հայրենիքի մը բռնագրաւումը եւ մշակութասպանութիւնը: Աւելի պարզ, ոչ ոք կ’ուզէ խօսիլ հայրենահանման հետեւանքով ամայացուած եւ ապա թրքացուած հայաշխարհի մասին, քանի որ օր մը յայտարարուած է սահմաններու անխախտելիութեան անսկզբունք սկզբունքը: Զո՞վ մեղադրել այս չար լռութեան հարցով: Գրականութիւն, կամ ընդհանրապէս միտք-մշակոյթ ազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ անհրաժեշտ արժեւորման չեն ենթարկուիր: Քայլ առ քայլ յառաջանալու տեսակ մը իմաստութիւնը մեզ բանտարկած է քաղաքական-իրաւական-բարոյական կարգախօսներու մէջ: Ե՞րբ եւ ո՞ւր կը խօսինք եւ կը խօսին հայոց մշակութային եղեռնի մասին:
Հազուադէպօրէն կ’անդրադառնանք հայ նահատակ գրողներուն, ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական վանքերուն, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, փոշիացած մատենադարաններուն: Կը փորձե՞նք մեր եւ միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը հրաւիրել հայ ազգի մշակութային սպանդին վրայ, ոճիր՝ որուն համար ՄԱԿի Ցեղասպանութեան համաձայնագիրը յատուկ բառ ունի, մշակութասպանութիւն, ethnocide: ՄԱԿի ծիրէն ներս աշխատանքներ եղած են եւ կը շարունակուին, նաեւ զանազան պետութիւններու, բայց անտեսուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕն, ուր թերեւս հսկայ աշխատանքի կարելիութիւն կայ: Միթէ ԵՈՒՆԵՍՔՕն մարդկութեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կոչումը չունի՞ – patrimoine de l’humanite՛: Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ մարդկութեան ժառանգութեան մասին, առանց խօսելու ազգի մը մշակութային ժառանգութեան կողոպուտին եւ աւերին մասին, մանաւանդ որ մշակոյթը վերացական չէ, ան ունի հաւաքականութեան մը, այս պարագային ազգի մը տիրական կնիքը: Ան է, որ մարդկային խմբաւորումներուն միջեւ ծնունդ կու տայ տարբերութեան, ինքնուրոյնութեան, հարստացնելով մարդկութիւնը:
Գրական-մշակութային հարստութիւնները սունկի պէս ինքնաբոյս չեն: Անոնց ծնունդին եւ զարգացման համար անհրաժեշտ է ենթահողը, որ կը կուտակուի յաջորդական սերունդներու աշխատանքով: Պարզամիտ չըլլանք. այլախոհներ եւ նորարարներ իրենց արմատները կը խրեն այդ ենթահողին մէջ, անկէ կ’առնեն իրենց սնունդը, նոյնիսկ երբ կը հակադրուին: Մխիթարեանները, Եւրոպայի մէջ սնած Զարթօնքի սերունդը, աստիճանական զարգացումով եղան ենթահող՝ հայ ռոմանթիքներու կամ վիպապաշտներու, իրապաշտներու կամ արուեստագէտ սերունդի: Արեւմուտքի մէջ դարով փոխուած էին գրական դպրոցները, իսկ լուսաւորութեան բացուած հայ սերունդները, օսմանեան կայսրութեան մէջ, ԺԹ. դարու կէսէն սկսեալ, սրընթաց արագութեամբ նուաճեցին զանոնք, իւրացուցին եւ մանաւանդ՝ հայացուցին: 1860ական թուականներէն մինչեւ 1914, ոչ իսկ մէկ դար տեւած ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող Հայաստանը օժտուեցաւ դպրոցական ցանցով, ինչ որ հիմնական նախապայմանն է ազգի մը զարգացման եւ յառաջդիմութեան, որ եղաւ հայ ազգային ինքնութեան կերտման, հայոց պատմութեան իւրացման, հայերէնի տարածման եւ մաքրազտման պատուանդանը: Սերունդ հասաւ՝ թափով: Կ’արժէ դարձնել էջերը Յակոբ Օշականի կոթողական գործին, ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ հատորներուն, կամ ուրիշներու գործերուն, Օննիկ Մխիթարեանի, Հ. Մեսրոպ Ճանաշեանի, Մինաս Թէօլէօլեանի, հիացումով լեցուելու համար այդ վաստակին հանդէպ:
Անձերէն անդին, համրանքէն անդին, այդ ծաղկող վաստակը հարուածուեցաւ, այն թաքուն կարողականութիւնը, որ կը վերածուէր, պիտի վերածուէր ստեղծագործութեան: Կը խօսինք Չարդի մասին, յուզում յառաջացնող արիւնալի պատկերներով, չենք խօսիր մշակութային կորուստի մասին որ արիւնոտ չէ, բայց նոյնքան ահաւոր է որպէս կորուստ, որովհետեւ ան հարուածեց «Հայու հոգին», ինչպէս կ’ըսէ բանաստեղծը: Չենք խօսիր այս կորուստի մասին, քանի որ հետզհետէ կը հեռանանք մշակոյթէ, չենք հաղորդուիր անով:
Բնաջնջուեցաւ համալսարանական սերունդ մը,- բժիշկներ, դեղագործներ, դասախօսներ, ուսուցիչներ, երկրաչափներ, տնտեսագէտներ, քահանաներ, վարդապետներ, իրաւաբաններ, լրագրողներ, հրապարակագիրներ, երաժիշտներ, արուեստագէտներ, ժողովուրդի մը ազնիւ եւ ազնուական ներկայացուցչութիւնը, որմով միս ու ոսկոր կը դառնայ պատմութիւնը երբ սերունդը կը փոխուի: Թուրքիա, քաղաքակիրթ երկիր դառնալու համար, պարտաւոր է քաղաքակրթութեան դէմ իր գործած ոճիրը ընդունելու, խոնարհելու իր տապալած միտքի կաղնիներու յիշատակին առջեւ: Հոս դեր ունի ԵՈՒՆԵՍՔՕն, դեր ունին պահանջատէր ժառանգորդները: Դերը ստանձնելու գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն անհրաժեշտ են:
Թուրքին Ոճիրը երկհարիւրամեայ տաղանդի եւ հանճարի աճը մոխրացուց: Ցարդ ոչ ոք հաշիւ պահանջած է: ՄԱԿը, նաեւ՝ ԵՈՒՆԵԱՔՕն՝ որ իր բարոյական պարտաւորութիւններու ծիրէն ներս պարտի իսկական արժեւորումը ընել այս նախընթաց չունեցող մշակութասպանութեան. Հրէական Ողջակիզումն անգամ չի հասնիր մշակութասպանութեան այս աստիճանին: Տեղ մը, օր մը, այս տեսակէտը պէտք է զարգացնել եւ ըլլալ պահանջատէր: Ինչո՞ւ չ’արծարծուիր այս բաց վէրքի խնդիրը ԻՒՆԵՍՔՕի մէջ, մանաւանդ որ հիմա հոն դեսպան ունինք:
ԻՒՆԵՍՔՕի դուռները բախել Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի, Ռուբէն Զարդարեանի գիրքերը շալկած, յիշեցնելով, որ անոնք երեսուն կամ քառասուն գարուններ հազիւ բոլորած էին, խոստմնալից տղաք: Այդ տարիքին ուրիշներ դեռ նոր կը սկսին բարբառիլ եւ իրենք զիրենք հաստատել: Եթէ ապրէին մինչեւ իրենց ութսուն կամ իննիսուն տարիքը, կրնա՞ք երեւակայել այն ժառանգութիւնը, զոր պիտի կտակէին… ԻՒՆԵՍՔՕն այս մասին նաեւ պարտի խօսիլ եւ տիրութիւն ընել:
Ինչո՞ւ յառաջիկայ տարին չյայտարարել Հայկական Մշակութասպանութեան ոգեկոչման տարի: Հայաստան եւ Սփիւռք: Կարգախօսներու թութակային կրկնութենէն անդին, այս կ’ըլլայ ժառանգութեան իսկական տիրութիւն ընելու գիտակից նախաձեռնութիւն: