ՆԱՃԱՖ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի եւ Երկուշաբթի, Յունուար 28-29ին տեղի ունեցած զինեալ բախումներու ընթացքին, ամերիկացի եւ իրաքցի զինուորներ շիիներու սրբավայր Նաճաֆ քաղաքին մէջ սպաննած են 250-300 իրաքցիներ, որոնք հետեւորդներ էին աղանդի մը ղեկավարին: Ըստ իրաքեան աղբիւրներու, սպաննուած է նաեւ աղանդին ղեկավարը: Ձերբակալուած են աւելի քան 150 ուրիշներ:
Նաճաֆի նահանգապետ Ասատ Սուլթան ապու Քլիլ յայտնեց, որ իրաքեան բանակի զօրամասեր քաղաքին մօտ բախումներ ունեցած էին աղանդին համակիր զինեալներու հետ, եւ ամերիկեան ուղղաթիռներ օգնած են բանակայիններուն: Աղանդին մաս կը կազմեն շիիներ եւ սիւննիներ:
Ապու Քլիլ ըսաւ, որ այս գործողութիւնը շղթայազերծուած է՝ կանխարգիլելու համար այդ զինեալներուն կողմէ ծրագրուած շիի կրօնաւորներու եւ ուխտագնացներու վրայ յարձակումները:
Նոյն օրը հաղորդուեցաւ, թէ ամերիկեան ուղղաթիռ մը եւս ջախջախուած է, երկու զոհ խլելով, անցնող շաբաթավերջին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը իննի հասցնելով:
Նաեւ, Իրաքի տարածքին Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած այլ բռնարարքներու զոհ գացին 36 իրաքցիներ:
Կիրակի օր, Պաղտատի սիւննիներով բնակուած թաղամասի մը մէջ աղջկանց երկրորդական վարժարան մը ռմբակոծուեցաւ, որու հետեւանքով հինգ աշակերտուհիներ սպաննուեցան եւ վիրաւորուեցան քսան ուրիշներ:
Կիրակի օր հիւսիսային Քէրքուք քաղաքին մէջ յաջորդական երկու ականահարումներ պատճառեցին 11 զոհ եւ 84 վիրաւոր: