ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան փոքրամասնութեան ղեկավար Նենսի Փելոսի (Դ., Քալիֆորնիա) երէկ խոստացաւ իր զօրակցութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին, յառաջիկայ՝ 110րդ Քոնկրէսէն ներս:
Յառաջիկայ ընտրութիւններուն, եթէ դեմոկրատները մեծամասնութեան տիրանան Ներկայացուցիչներու տան մէջ, Նենսի Փելոսի պիտի ըլլայ անոր խօսնակը, փոխարինելով հանրապետական Տենիս Հեսթըրթը:
Նենսի Փելոսի «Քալիֆորնիա քուրիըր»ի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանին յղուած յայտարարութեամբ ըսաւ, թէ «ես զօրակցած եմ թիւ 316 բանաձեւին, որ պատշաճօրէն կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ Մ. Նահանգներ ճանչնայ այս աղէտը եւ քայլեր առնէ ցեղասպանական արարքներու առաջքը առնելու իր յանձնառութեան մէջ, ուր որ ըլլայ: Այս ճիգը կը վայելէ երկու կուսակցութիւններու զօրակցութիւնը Ներկայացուցիչներու տան մէջ, եւ ես պիտի շարունակեմ զօրակցիլ այս ճիգերուն՝ 110րդ Քոնկրէսէն ներս»:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան այս մասին յայտարարեց. «Նենսի Փելոսիի այս ուժգին յայտարարութիւնը կ’ընդգծէ այն սկզբունքային տարբերութիւնը իր եւ Տենիս Հեսթըրթի միջեւ, որ հետեւողականօրէն արգելք հանդիսացաւ, որ երկու կուսակցութիւններու քոնկրէսականներու զօրակցութիւնը վայելող եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը քուէարկութեան դրուի»:
Փելոսիի այս յայտարարութիւնը հետեւողական է իր անցեալի կեցուածքներուն հետ: Ան 1986էն ի վեր, երբ առաջին անգամ ընտրուեցաւ, Ներկայացուցիչներու տունէն ներս, միշտ զօրակցած է Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջադրող բոլոր բանաձեւերուն: Փելոսի նաեւ սերտօրէն գործակցած է Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանի հայութեան հետ, եւ այս պատճառով յարաբերութիւնները երկուստեք միշտ եղած են ջերմ:
Փելոսիի այս նորագոյն կեցուածքը դրուատեց նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետուհի Ռոքսան Մաքասճեան: Ան ըսաւ, թէ անակնկալի չէ եկած Փելոսիի այս սկզբունքային կեցուածքին ի տես:
Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տան ներկայ խօսնակ Տենիս Հեսթըրթ, հակառակ 2000 Օգոստոսին տուած իր խոստումին, որ Ցեղասպանութեան բանաձեւը պիտի դնէ քուէարկութեան, նոյն տարուան Հոկտեմբերին, մետասաներորդ վայրկեանին քաշեց բանաձեւը օրակարգէն: Եթէ բանաձեւը պահուած ըլլար օրակարգի վրայ, լայն մեծամասնութեամբ պիտի վաւերացուէր: Այդ օրէն ի վեր, Հեսթըրթ միշտ գործնականօրէն խափանած է բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան օրակարգին վրայ դնելու բոլոր ճիգերը: