ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 9ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Խաչատուր Դադայեանի «Հայերը եւ Պաքուն» գիրքին, որուն մէջ հեղինակը հանգամանօրէն ուսումնասիրած է 1918ի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ հովանաւորուած ուժերու եւ թրքական զօրքի մասնակցութեամբ Պաքուի մէջ շուրջ երկու ամիս տեւողութիւն ունեցող լայնածաւալ ջարդի ու կողոպուտի դէպքերը, որոնց արդիւնքով սպաննուեցան աւելի քան 30 հազար հայեր:
1918ի Դեկտեմբերին Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Պաքուի մէջ կազմուած «Դաշնակից տէրութիւններու վերստուգիչ յանձնաժողով»ի եզրակացութեան համաձայն, վնասներ կրող հայերուն պէտք է վճարուէր 453.1 միլիոն ռուբլի, որուն պարտապան կողմ հռչակուեցաւ Թուրքիան:
Կատարուած հաշուարկներու համաձայն, Ատրպէյճանի առաջին հանրապետութեան ժառանգորդը 1918ին Պաքուի մէջ սպաննուած կամ ոչ, բայց կողոպտուած հայ բնակիչներու ժառանգներուն պարտք է 134 միլիոն 149 հազար սթերլին, իսկ Թուրքիան, որուն զօրքերը գործադրած էին կողոպուտն ու աւերածութիւնները, պարտք է 3.5 միլիառ սթերլին:
Ինչպէս շնորհահանդէսի ժամանակ նշեց գիրքի հրատարակիչ «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, թէեւ հատուցման խնդիրը իրաւաբաններուն բնագաւառն է, սակայն հիմնադրամը պատրաստ է աջակցելու բոլոր այն իրաւաբաններուն, որոնք կ’արծարծեն այս խնդիրը: Ան տեղեկացուց, որ մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու շարք մը իրաւաբաններ հետաքրքրուած են այս խնդիրով:
Գ. Յարութիւնեանի խօսքերով, գիրքին մէջ մանրամասնութիւններ ներկայացուած են Պաքուի՝ իբրեւ քարիւղի ճարտարարուեստի, առեւտրական, մշակութային կեդրոնի կայացման գործին մէջ հայութեան հսկայական դերը: Ներկայացուած է նաեւ հայ դրամատէրերու դերը բարեգործութեան, դպրոցաշինութեան, եկեղացաշինութեան եւ ընդհանրապէս ազգապահապանութեան հարցերուն մէջ: