ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բեմադրիչ Վիգէն Չալդրանեանի «Քրմուհին» շարժանկարի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 12ին, «Մոսկուա» դահլիճին մէջ:
Ցուցադրութենէն առաջ բեմադրիչը ելոյթ ունենալով նշեց, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման մասին պատմող այս շարժանկարի պատրաստութեան աշխատանքները սկսած էին 1993ին:
Նշենք, որ շարժանկարի երաժշտութեան հեղինակն է Արա Գէորգեան, իսկ գլխաւոր դերերը կը կատարեն Կարէն Չանիբէկեան, Արմէն Էլբակեան, Յովհաննէս Բաբախանեան, Մարինէ Սարգսեան եւ ուրիշներ: