ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 22ը հայ ժողովուրդի պատմութեան համար նշանակալից օր է, որ անցեալ դարուն, տասնամեակներով մարդկութենէն թաքցուցած են քեմալական Թուրքիան եւ պոլշեւիկեան Ռուսիան, հանրագիտարաններն ու պատմական տեղեկագիրները աղաւաղելով եւ սխալ ներկայացնելով: Մինչդեռ, 1920ի Նոյեմբեր 22ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընը ստորագրած է իր պատմական իրաւարար որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման, դէպի ծով Հայաստանի ելքի, հայկական սահմաններուն կից թրքական տարածքներու ապառազմականացման վերաբերեալ՝ համապատասխան քարտէսով:
Նոյեմբեր 22ին, ազգային գրադարանին մէջ այս մասին խօսեցաւ փաստաբան-պատմաբան Տիգրան Սահակեան, ներկայացնելով իր «Վուտրօ Ուիլսըն. մարդը եւ քաղաքագէտը» նոր գիրքը՝ նուիրուած 1913-1921ին Միացեալ նահանգներու նախագահի ծննդեան 150ամեակին: Գիրքը լոյս ընծայած է «Լուսակն» հրատարակչութիւնը:
Գիրքին մէջ կը ներկայացուի, որ Ուիլսընի այդ որոշումով յստակացուած են Սեւրի պայմանագիրի 88-90 յօդուածները, որոնք որպէս միջազգային իրաւական փաստաթուղթ ընդունուած են եւ ըստ այդ յօդուածներու՝ Արեւմտեան Հայաստանի Վանի, Պիթլիսի, Էրզրումի, Տրապիզոնի նահանգները (90 հազար քառակուսի քիլոմեթր) յայտարարուած են Հայաստանի պետութեան տարածք, որ վերամիաւորուելով 1918ի Մայիս 28ին արդէն ստեղծուած (71 հազար քառակուսի քիլոմեթր) Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, արդէն կը ձեւաւորուէր 161 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածք ունեցող Հայաստանի հանրապետութիւնը:
Համաշխարհային հասարակութիւնը յիշեալ փաստաթուղթերով միաժամանակ ընդունեց դէպի Սեւ ծով Հայաստանի ելքի իրաւունքը:
Սակայն պատմութենէն յայտնի է, որ թէ՛ Սեւրի դաշնագրի յօդուածները, եւ թէ Ուիլսընի որոշումը կեանքի չկոչուեցան 1920ի Դեկտեմբերին Թուրքիոյ եւ պոլշեւիկեան Ռուսիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան արդիւնքով:
Իր ելոյթի աւարտին Տ. Սահակեան կոչ ուղղեց Օգոստոս 10ը՝ Սեւրի դաշնագրի ստորագրութեան օրը, հռչակել հայրենատիրութեան օր՝ զայն նշելով ամէն տարի:
Ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունենալով, ազգային գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգիսեան յայտնեց, որ Քանատայի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արա Պապեան ձեռք բերած է եւ ազգային գրադարանին տրամադրած է ԱՄՆ նախագահի գծած Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի քարտէսը: