ԱՊՈՒՃԱ, Նիճերիա, «Ռոյթըրզ».- Նիճերիոյ մայրաքաղաք Ապուճայէն թռիչք առած օդանաւ մը կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով էջուղիէն միայն 2 քիլոմեթր հեռու ջախջախուեցաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 29ին։ Օդանաւին մէջ գտնուող 105 անձերէն 96ը, ներառեալ՝ երկրին իսլամներուն ղեկավարը, զոհ գացին արկածին։ Անոր մահուան առիթով հնգօրեայ սուգ հռչակուեցաւ երկրին Սոքոթօ նահանգին մէջ։
Շուրջ մէկ տարուան մէջ 4 ահաւոր օդանաւային արկածներ ցնցած են Նիճերիան։ Նախագահ Օլուսեկուն Օպասանճոյի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ պահանջելով քննութիւն բանալ արկածին շուրջ եւ որոշուեցաւ ետ խլել «Էյ.Տի.Սի.» օդանաւային ընկերութեան աշխատանքի արտօնագիրը, որովհետեւ արկածներէն երեքը պատահած են այդ ընկերութեան օդանաւերուն:
Նկարին մէջ, ջախջախուած օդանաւը: