ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ․- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նիւ Ճըրզի նահանգը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, հանդիսանալով Միացեալ Նահանգներու 10րդ նահանգը, որ նման քայլ մը կ՛առնէ։
Նահանգային Ծերակոյտը Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող եւ Ճոզէֆ Լականայի ներկայացուցած թիւ 71 բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունեց:
Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՝ Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուած բռնարարքներուն համար եւ կը վերահաստատէ նահանգին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Բանաձեւին քննարկումին ընթացքին անոր ի նպաստ ելոյթներ ունեցան Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Անի Չաղլասեան եւ Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչներէն Ճոյի Արեան։