ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի կայացումով փաստուեցաւ, որ ժողովրդավարական հանրակարգերը խորթ չեն հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան մտածելակերպին: Այս մասին Հոկտեմբեր 5ին՝ ՌԱՀՀԿի 12ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին յայտարարեց կեդրոնի հետազօտութիւններու տնօրէն Ստեփան Սաֆարեան:
Ըստ Սաֆարեանի, կեդրոնի գործունէութեան օժանդակութիւն ցուցաբերած են աշխարհի շուրջ 20 երկիրներ, բացի այդ, կեդրոնին սատարած են նաեւ Հայաստանի մէջ բնակող բազմաթիւ քաղաքացիներ: «Նրանց բոլորի ցանկութիւնը մէկն է եղել. Հայաստանի զարգացման ռազմավարութիւնը պէտք է մշակուի Հայաստանում՝ այն մարդկանց կողմից, որոնք ապրում են իրենց հայրենիքում եւ լաւ գիտեն տեղի իրականութիւնը», նշեց Սաֆարեան:
Անցեալ 12 տարիներու ընթացքին ՌԱՀՀԿի մասնագէտներու կողմէ կատարուած եւ հրատարակութեան պատրաստուած են քանի մը տասնեակ ուսումնասիրութիւններ, հրապարակուած են քանի մը գիտական-վերլուծական աշխատութիւններ:
Սաֆարեան յատուկ նշեց այն հանգամանքը, որ կեդրոնին առընթեր կազմուած է հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան ազգային ծառայութիւն, որ մինչեւ այժմ կատարած է հանրային եւ փորձագիտական կարծիքի աւելի քան 20 ուսումնասիրութիւններ: