ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ ամերիկեան դեսպանի պաշտօնակատար Էնթընի Կատֆրի Նոյեմբեր 22ին տեղի ունեցած ամերիկեան Peace Corps կազմակերպութեան 8րդ ամէնամեայ ողջունահանդէսին յայտարարեց, թէ այս կազմակերպութեան հիմնական նպատակն է նպաստել կամաւորներու եւ երկիրի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործընթացին նպաստող կազմակերպութիւններու գործակցութեան:
Կատֆրի մասնակիցներուն ցանկացաւ գործակցութեան եզրեր գտնել, նոր կապեր հաստատել եւ յոյս յայտնեց, որ այն արդիւնաւէտ կերպով կ’անդրադառնայ անգլերէն լեզուի ուսուցման կազմակերպման, համայնքներու եւ ձեռներէցութեան զարգացման, առողջապահական կրթութեան ու շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան հարցերուն մէջ:
Ողջունահանդէսի ընթացքին Peace Corps-ի կամաւորները եւ անոնց հայ գործընկերները հանդիպեցան գործող աւելի քան 80 միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Նշենք, որ Peace Corps-ը Հայաստանի մէջ սկսած է գործել 1992էն սկսեալ, կառավարութեան հրաւէրով: Այժմ Հայաստանի դպրոցներուն, համալսարաններուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ բժշկական հաստատութիւններուն մէջ աշխատող կամաւորներուն թիւը 77 է: Վերջին 14 տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի մէջ աշխատած են Peace Corps-ի 529 կամաւորներ: