ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հիմնուելով սահմանադրութեան 70րդ յօդուածին վրայ, կառավարութիւնը Նոյեմբեր 2ի նիստին որոշեց դիմել Ազգային ժողովի նախագահին՝ Նոյեմբեր 9ին, ժամը 12ին Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ գումարելու առաջարկով:
Նիստին կը նախատեսուի քննել եւ ընդունիլ կառավարութեան հաւանութեան արժանացած շարք մը օրէնքներու նախագիծեր: