Ինչպէ՞ս կ՛ապրին Թուրքիոյ հայերը, ի՞նչ հարցեր, մտահոգութիւններ ունին, ինչպէ՞ս հնագոյն Պոլիս քաղաքին մէջ կը պահպանուին հայերէնը, հայկական մշակոյթը եւ ի՞նչ ջանքեր կը գործադրեն տեղւոյն հայերը՝ ազգային դիմագիծը չկորսնցնելու համար: Ինչո՞ւ այնտեղ ապրող հայերէն ոմանք կը գերադասեն թրքերէն խօսիլ, իրենց զաւակները ուղարկել օտար դպրոցներ եւ ի՞նչ գին ունի ապահովութիւնը…
Լրագրող, հրապարակախօս Սագօ Արեան բազմաթիւ անգամներ կապեր հաստատած է Պոլսոյ հայութեան հետ՝ փորձելով անոնցմէ ստանալ այս հարցումներուն պատասխանները: Ան Պոլսոյ մէջ 33 հայերու հետ կատարած իր հարցազրոյցները ամփոփած է գիրքի մը մէջ՝ փորձելով մէկ հարթակի վրայ լսելի դարձնել քաղաքի հայութեան զանազան խաւերու ձայնը:
Վաւերական նշանակութիւն ունեցող այս գիրքը գրուած եւ հրատարակուած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գործադրած ջանքերուն եւ անկէ բխած մթնոլորտի պայմաններուն մէջ, եւ գիրքին մէջ, բնականաբար, անդրադարձ կայ նաեւ այդ հարցին: Պոլսոյ հայերը իրենք կը փորձեն պատասխանել, թէ ի՛նչ կու տայ այդ յարաբերութիւններու բնականոնացումը երկու կողմերուն, ի՞նչ դրական եւ բացասական կողմեր ունի, անխուսափելի՞ է արդեօք հարեւաններու հետ հաշտութեան երթալու ճանապարհը, կամ կարելի՞ է նաեւ անտեսել… Հայաստանի ապահովութեան եւ խաղաղութեան հարցերուն առընթեր փորձ եղած է նայիլ «շատ բան տեսած» պոլսահայերու աչքերով, դուրսէն…
«33 Ձայն Իսթանպուլէն. Ինչպէս Ճանչցայ Պոլսահայութիւնը» խորագիրով գիրքը լոյս տեսաւ վերջերս, Երեւանի մէջ եւ պիտի տարածուի յատկապէս պոլսահայ համայնքով հետաքրքրուողներու շրջանակներուն մէջ:
(Հաղորդագրութիւնը՝ հրատարակիչէն)