ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտական «Էօզկիւր կիւնտէմ» թերթը անցեալ ամիս հաղորդած էր, որ Նուսայպինի հայաբնակ Քուրու գիւղին մէջ երեւան հանուած էին հաւաքական գերեզմաններ, ուր շատ հաւանաբար Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած հայերու աճիւններ կան:
Թերթը այս անգամ կը գրէ, որ Շուէտի մէջ որոշ շրջանակներ գործի անցած են այս հարցի շուրջ քննարկումներ կատարելու ուղղութեամբ։
Մինչ Թուրքիոյ իշխանութիւնները այս լրատուութեան մասին որեւէ քննարկում չկատարեցին տեղւոյն վրայ, ընդհակառակը արգիլեցին, որ լրագրողներ զբաղին այս հարցով, նոյնիսկ գոցեցին գերեզմանները, Շուէտի մէջ Ձախակողմեան կուսակցութեան երեսփոխաններէն Հանս Լինտէ Նոյեմբեր 24ին հարցագիր մը յղեց Շուէտի խորհրդարան, պահանջելով, որ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարը պատասխանէ Դեկտեմբեր 6էն առաջ։ Խորհրդարանին մօտիկ շրջանակներ կը յայտնեն, թէ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին տեղեկագիր մը խնդրած է Անգարայէն։
Շուէտացի երեսփոխաններ հարց կու տան, թէ Շուէտի կառավարութիւնը որեւէ քայլ պիտի առնէ՞, որպէսզի Թուրքիոյ օսմանեան արխիւները ազատօրէն քննուին մասնագէտներու եւ պատմաբաններու կողմէ եւ կամ գիտական անկախ յանձնաժողով մը պիտի հիմնուի՞ որպէսզի քննութիւններ կատարէ Նուսայպինի հաւաքական գերեզմանին շուրջ:
Թերթը դիտել կու տայ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները տակաւին որեւէ քննութիւն չեն կատարած Հոկտեմբեր 17ին յայտնաբերուած հաւաքական գերեզմանին մասին։ Կարգ մը լրագրողներ, որոնք այս հարցով զբաղիլ ուզած են, հանդիպած են ոստիկանութեան արգելքին։
Այս նիւթին շուրջ մասնագիտացած շուէտացի փրոֆ. Տաւիթ Կաունթ այն կարծիքը յայտնած է, թէ հաւաքական գերեզմանին մէջ գտնուող ոսկորները կրնան պատկանիլ նախապէս Տարա կոչուած գիւղին մէջ իթթահատականներու հրահանգով սպաննուած 150 հայ եւ 120 ասորի ընտանիքներու։