ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յուլիս 9ին, Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած յարձակումները 13 զոհեր եւս խլեցին, մինչ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարի կ’ազդարարէր, թէ ամերիկեան ուժերու արագ նահանջ մը կացութիւնը կրնայ աւելի եւս վատթարացնել:
Մայրաքաղաքէն 50 մղոն հիւսիս գտնուող շրջանի մը մէջ տեղի ունեցած այլ յարձակումի մը ընթացքին սպաննուեցան նաեւ ինը իրաքցի զինուորներ:
Անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած յարձակումները առնուազն 220 զոհ խլած էին: Ամենաարիւնալի յարձակումը տեղի ունեցաւ հիւսիսային Իրաքի Արմիլի քաղաքին մէջ, որու բնակչութեան մեծամասնութիւնը թիւրքմէններ են: Ըստ տեղական աղբիւրներու, յարձակումին հետեւանքով սպաննուած են 154 հոգի եւ վիրաւորուած են 270 ուրիշներ:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ մտահոգիչ համարեց Իրաքի սահմանին մօտ մօտաւորապէս 140,000 թուրք զինուորներու կուտակումը, դարձեալ յայտարարելով, թէ Թուրքիոյ «արդար» մտահոգութիւնները կարելի է խորհրդակցութեանց ու համագործակցութեան ճամբով մեղմացնել: