ԷՉՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ շարք մը եկեղեցականներ ծառայութեան կոչուեցան Էջմիածնի զանազան թեմերու մէջ:
Ըստ Մայր Աթոռի մամլոյ դիւանին, Միքայէլ աբղ. Գէորգեան ծառայութեան նշանակուեցաւ Սիւնիքի փոխառաջնորդութեան, Մարտիրոս քհնյ. Յակոբեան եւ Հրաչ քհնյ. Սարգսեան ծառայութեան կոչուեցան ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմին մէջ՝ թեմակալ առաջնորդի իշխանութեան ներքոյ: Մուշեղ քհնյ. Խաչատրեան պիտի ծառայէ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց թեմին մէջ, իսկ Թադէոս քհնյ. Տէր Մկրտչեան՝ Վիրահայոց թեմին մէջ:
Հայրապետական տնօրինութեամբ Սամուէլ սրկ. Յարութիւնեան ծառայութեան նշանակուեցաւ Սիւնիքի փոխառաջնորդութեան մէջ: