ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւարտած են Շիկահողի (Սիւնիք) եւ Խոսրովի (Արարատ) արգելոցներու քարտէսագրման, սահմաններու վերանայման, ճշգրտման, հաշուառման եւ գոյքագրման աշխատանքները՝ կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներու ծրագիրի շրջանակներով:
Ըստ բնապահպանութեան նախարարութեան պաշտօնատարներէն Արամ Աղասեանի, այժմ սահմաններու համակարգումի աշխատանքներ կը կատարուին վերոնշեալ արգելոցներուն յարող համայնքներուն հետ:
Ան նշեց նաեւ, որ ընթացքի մէջ են եւ մինչեւ տարեվերջ կ’աւարտին Որդան կարմիր պետական արգելավայրի վերականգնման աշխատանքները, իսկ մինչեւ 2009 նախատեսուած է աւարտել 23 այլ արգելավայրերու գոյքագրման, հաշուառման եւ քարտէսագրման աշխատանքները: