Երեքշաբթի յետմիջօրէին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսարան, շնորհաւորելու եւ բարի գալուստ մաղթելու նոր նշանակեալ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանը, որ Լոս Անճելըս ժամանած էր Նոյեմբերի սկզբնաւորութեան:
Պատուիրակութիւնը ընդունեցին գլխաւոր հիւպատոսը եւ հիւպատոս Յարութիւն Կոջոյեան: Կեդրոնական Կոմիտէի ու շրջանի համայն շարքերու անունով, Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան շնորհաւորեց գլխաւոր հիւպատոսը իր նշանակման առիթով եւ մաղթեց, որ ան ունենայ բեղմնաւոր ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն մը Սփիւռքի ամէնէն հայաշատ այս շրջանէն ներս: Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Գարօ Խանճեան եւ Ժան Գոսագեան:
Գլխաւոր հիւպատոսի խնդրանքով, Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը տեղեկութիւններ տուաւ շրջանէն ներս Հ.Յ.Դաշնակցութեան ու անոր գործակից կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին: Խօսուեցաւ նաեւ համայնքին կողմէ մայր հայրենիքին ուղղութեամբ ցուցաբերուած օժանդակութեան ու քոյր քաղաքներու գաղափարի գործնականացման մասին: Այս ծիրէն ներս յատկապէս քննարկուեցաւ Երեւանի մէջ Քալիֆորնիոյ առեւտուրի գրասենեակի դերակատարութիւնը:
Խօսակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ ատրպեճանական ու թրքական հիպատոսութեանց ճամբով տարուող հակահայ քարոզչութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ շրջանի հայ համայնքի ու հայկական հիւպատոսութեան որդեգրելիք կեցուածքները:
Կարեւոր նկատելով գլխաւոր հիւպատոսութեան գործունէութեան լայն ծիրը, գլխաւոր հիւպատոսը նշեց հիւպատոսարանը աւելի յարմարաւէտ շէնքով օժտելու անհրաժեշտութիւնը: Կեդրոնական Կոմիտէն իր կարգին ընդգծեց հիւպատոսութեան կողմէ համայնքին տրուելիք տեղեկատուութեան յաճախակիութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ մէկ ժամ, ընթացաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ եւ Կեդրոնական Կոմիտէն հրաւիրեց գլխաւոր հիւպատոսը այցելելու Կեդրոնական Կոմիտէի Կլէնտէյլի «Փէշէքէրեան» կեդրոնատեղին՝ աւելի մօտէն ծանօթանալու կազմակերպութեան գործունէութեան եւ այդ աշխատանքին մէջ ընդգրկուած պատասխանատու մարմիններուն: