Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն խոր ցաւով կը գուժէ Հայ Դատի նուիրեալ, Արդարութեան Մարտիկ ընկեր ՀՐԱՅՐ ՔԻԼԻՆՃԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ այսօր՝ 22 Մարտ 2023ին, Մարսէյի մէջ:
Մաքս-Հրայր Քիլինճեան ձերբակալուած էր 1980ին՝ Զուիցերիոյ մէջ թուրք դեսպանը ահաբեկելու ամբաստանութեամբ, սակայն հանրային բուռն դատավարութենէ ետք, իբրեւ դատապաշտպան ունենալով կարկառուն փաստաբաններ Փաթրիք Տեվէճեանը եւ Հանրի Լըքլերը, անմեղ հռչակուած եւ ազատ արձակուած էր: Էքս Ան Փրովանսի դատարանին առջեւ տեղի ունեցած ժողովրդային զօրակցութեան բազմահազար ցոյցը, ինչպէս նաեւ աշխարհով մէկ տեղի ունեցած նման հաւաքները կը մնան թարմ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ