ՔԻԵՒ, Լրատու Գործակալութիւններ.- Երեքշաբթի օր, Ուքրանիոյ խորհրդարանը ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ բանաձեւ մը որդեգրեց, որ 1932-33 տարիներուն երկրին մէջ ծագած սովը ուքարանացի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն կ’որակէ:
Այդ տարիներուն, Ստալինի օրերուն, մօտաւորապէս 10 միլիոն ուքրանացիներ զոհ գացած էին սովին, որուն հիմնական պատճառը մշակելի տարածութիւններու եւ նախիրի բռնի համայնացումն էր համայնավար իշխանութիւններու հրահանգով:
Ուքրանիոյ Ազգային յիշողութեան հիմնարկի տնօրէն Իհոր Եուխնովսքի ողջունեց խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւը:
Քաղաքական դէտերու համաձայն, այս քուէարկութիւնը յաղթանակ կը նկատուի երկրի արեւմտամէտ վարչապետ Վիքթոր Եուշչենքոյի համար, որ բանաձեւը յղած էր խորհրդարան: Մոսկուա ուժեղ կերպով ընդդիմացած էր նախաձեռնութեան: