Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ պատերազմը պէտք չէ աշխարհին ստիպէ մոռնալ հակամարտութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Սոմալիի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը։
«Այսօր կան մարդիկ, որոնց վրայ կը յարձակին, իսկ միւս կողմէ՝ կան առաջնորդներ, որոնք որոշած են յարձակիլ, ներխուժել եւ նուաստացնել: Չէզոք մնալը պիտի նշանակէ գիտակցել, որ ուժեղին օրէնքը կը դառնայ ընդհանուր օրէնք», ըսաւ Մաքրոն: