Ախ, այն քարերը,
Հա՛մր քարերը
Ես հեռու հեռուից լսում եմ ասես
Նրանց հառաչն ու ցաւի քրքիջը
Ինչ ահաւոր է համրերի ճիչը
Վ. ԴԱՒԹԵԱՆ
Աշխարհի յուշարձաններու հիմնադրամ միջազգային հասարակական կազմակերպութիւնը երկու տարին անգամ մը կը հրապարակէ առաւել վտանգուած յուշարձաններու ցանկը։ Այս տարուան ցուցակին մէջ տեղ գտած է նաեւ Գիւմրիի պատմական կեդրոնը։
Մօտ 300 հեքթար տարածքով Գիւմրի արգելանոց-թանգարանը կ՚ընդգրկէ քաղաքի պատմական կեդրոնը, ուր կան 19րդ դարու շինութիւններ, թանգարաններ, բնակելի շէնքեր եւ եկեղեցիներ։
Այն փաստը, որ արտասահմանեան կազմակերպութիւնները ուսումնասիրած եւ իրենց գնահատականները տուած են այս խնդրին վերաբերեալ, պէտք է ահազանգի կոչ դառնայ եւ համատեղ այլ ձեւեր գտնելու գործօն՝ խնդիրը լուծելու համար, կ՚ըսեն մանագէտները։ Անոնց կարծիքով, պատմամշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցներու քայքայման նպաստող գլխաւոր գործօնը ոչ մասնագիտական մօտեցումն է նման խնդիրներուն։ Այսօր դրամատէրերը, կամ անոնց կողմէն հովանաւորուած պաշտօնեաները կ՚որոշեն… մասնագէտներու որոշելիքը։ Սա տարածում ունեցող երեւոյթ է Հայաստանի մէջ՝ պաշտօններ կը տրուին մարդոց, առանց հաշուի առնելու իրենց մանագիտութիւնը կամ մասնագիտական կարողութիւնները, կարեւորը բարեկամը կամ համախոհը այս կամ այն գործին մէջ դասաւորելն է, չի բացառուիր նոյնիսկ, որ բժիշկը դառնայ հաղորդավար, պատմաբանը հեռուստատեսութեան տնօրէն, փիլիսոփան բեմադրիչ եւայլն, իսկ նման պարագաներուն, բնականաբար, ոչ որակ կարելի է ակնկալել, ոչ ալ մասնագիտական ճիշդ որոշումի կայացում։
Աշխարհի յուշարձաններու հիմնադրամ միջազգային հասարակական կազմակերպութիւնը կը հաստատէ, որ վտանգուած է ոչ միայն Գիւմրիի պատմական կեդրոնը, այլեւ Գիւմրիէն ոչ հեռու, Բենիամին գիւղին մօտ գտնուող Քրիստոսէ քանի մը դար առաջ կառուցուած, հին դաստակերտի հելլէնական ժամանակաշրջանի բնակավայրի տարածքին մէջ քանդուած են պատմական յուշարձանի մշակութային շերտերը՝ թրաքթորներու միջոցով հողի տակէն մեծ տրամագիծով խողովակներ հանելու պատճառով։ Հակառակ անոր, որ Բենիամինի յուշարձանը կը գտնուի ՀՀ կառավարութեան կողմէն հաստատուած՝ պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու ցուցակին մէջ, այս այն տարածքն է, ուր որեւէ նպատակով շինարարական կամ գիւղատնտեսական եւ այլ կարգի աշխատանքներ կատարելը խստիւ արգիլուած է։ Դէպքի առնչութեամբ պատմական միջավայրի պահպանման ծառայութիւնը համապատասխան գրութիւն ներկայացուցած է մարզային դատախազութեան։ Բայց տակաւին պարզ չէ, թէ այդ գրութիւնը ի՛նչ կրնայ փոխել եւ ի՛նչ միջոցներ պիտի ձեռնարկուին Գիւմրիի պատմական կեդրոնը փրկելու համար։
Հարց է, թէ պատկան մարմինները եւս պիտի սորվի՞ն արդեօք սիրել՝ մեր հնամեայ քաղաքներու հազարամեայ քարը։