ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Սեպտեմբեր 19ին Ախալքալաքի մէջ բացումը կատարուեցաւ մանկական մարզադաշտին, որուն շինարարութիւնը կատարուած է Վրաստանի պետական ամավարկի հաշւոյն:
Մարզադաշտի հանդիսաւոր բացման արարողութեան, բացի Ախալքալաքի շրջանի ղեկավարութենէն, ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի փոխխօսնակ Միխէիլ Մաճավարիանին, պատգամաւորներ Մելիք Ռայիսեան, Խաթունա Գուգորիշվիլին, մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժանմունքի տնօրէն Դաւիթ Նամկալաուրին: