«Ռատիքալ» թերթը տպած է թուրք լրագրող Մէհմէտ Ալի Պիրանտի հարցազրոյցը արդարադատութեան նախարար Ճէմիլ Չիչէքի հետ, որու գլխաւորաբար կ’առնչուի քրէական օրէնքի թիւ 301րդ յօդուածին։
Նախարարը յօդուածի դէմ բարձրացող բոլոր առարկութիւններուն «մեղքը» կը բեռցնէ վիպագիր Օրհան Փամուքի ուսերուն, պնդելով, թէ անոր պատճառով առաջին անգամ գործադրուեցաւ թիւ 301րդ յօդուածը։
Այս մասին Չիչէք ունի տարօրինակ մտածում մը։ Ան կ՚ըսէ, որ եթէ Օրհան Փամուք յայտնէր, թէ ինք այդպիսի (Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող) յայտարարութիւն մը չէ ըրած, իրեն դէմ դատ չէր բացուեր։
Թերթը կ’աւելցնէ, թէ հանրային կարծիքը անհանգիստ է 301րդ յօդուածով։ Բազմաթիւ մտաւորականներ դիտել կու տան, որ այս յօդուածը վտանգ մըն է։
«Շատերու դէմ դատ բացուեցաւ այս մեղադրանքով, բոլորը անպարտ արձակուեցան, բացի Հրանդ Տինքէն, որուն պատիժը վաւերացուեցաւ։ Ինչո՞ւ միւսները անպարտ արձակուեցան, իսկ Հրանդ Տինքին պատիժը վաւերացուեցաւ, մեր կարծիքով այդ ալ ուրիշ կարեւոր հարցում մըն է։ Բայց վերադառնալով հանրային կարծիքին, այսօր բազմաթիւ մտաւորականներ ու իրաւագէտներ կը մտածեն, որ նոյնիսկ եթէ բարեփոխուի 301րդ յօդուածը, պիտի մնայ թրքութիւնը նախատած ըլլալու ամբաստանութեան շուքը», կ’եզրակացնէ թերթը: