Չճանչցուած երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ՄԱԿին կոչ մը յղեցի երէկ, հաստատելով, որ դէմ են ՎՈւԱՄի (Վրաստան, Ուքրանիա, Ատրպէյճան եւ Մոլտովա) կողմէ խնդրոյ առարկայ տարածաշրջաններու մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւնները ՄԱԿին յղելու փորձերուն:
Այս մասին հաղորդեց եւ միաժամանակ ձայնակցեցաւ ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն դեսպան Վիթալի Չուրքին:
Ռուս դիւանագէտը ՄԱԿի 61րդ նստաշրջանի օրակարգին վրայ զետեղել տուաւ «ՎՈւԱՄի տարածքէն ներս սառեցուած հակամարտութիւնները, միջազգային խաղաղութեան, ապահովութեան եւ զարգացման վրայ անոնց ազդեցութիւնը» խորագրով օրակարգը:
Աբխազիոյ, Անդրտնիեսթրի եւ Հարաւային Օսէթիոյ կողմէ ստորագրուած եւ ՄԱԿին յղուած յուշագիր մը հաստատեց, թէ իրենց հարցերու լուծումը փոխան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին՝ ՄԱԿի նստաշրջանէն ներս լուծել փորձելու ճիգերը կը միտին խափանել հարցի արդար լուծումը եւ պարզապէս քարոզչական առումով կողմնակիցներ շահիլ ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս:
Յուշագիրը կոչ ուղղեց ՄԱԿի անդամ երկիրներուն, որպէսզի թոյլ չտան ՎՈւԱՄի՝ շահագործելու այս հակամարտութիւնները: Յուշագիրը նաեւ պահանջեց, որ իրենք (ստորագրողները) պէտք է մասնակից ըլլան որեւէ քննարկումի, որ կ’առնչուի իրենց:
Միւս կողմէ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլթ ըսաւ, թէ «չեմ խորհիր, որ Քոսովոյի անկախութեան ճանաչումը կրնայ նախընթաց համարուիլ այլ հակամարտութիւններու լուծումին համար»: Ան աւելցուց, որ Պալքաններու կացութիւնը զգուշութիւն կը պահանջէ եւ աւելցուց, որ պետութիւններու հողային ամբողջականութեան սկզբունքը շատ կարեւոր է, սակայն հարցերը պէտք է լուծուին երկխօսութեան ճամբով:
«Վայրագութեանց բռնկումը Աբխազիոյ, Հարաւային Օսէթիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի կամ Անդրտնիեսթրի մէջ ոչ ոքի շահերուն կը նպաստէ: Կը խորհիմ, որ Ռուսիոյ շահերուն կը նպաստէ, որ այս հարցերուն մօտենայ մեծ զգուշաւորութեամբ եւ միջազգային սկզբունքները յարգելով», եզրափակեց Պիլթ: