ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերն ու իրաքցի զինուորներ ապահովական նորագոյն արշաւը կը շարունակէին, Երեքշաբթի, Յունիս 19ին Պաղտատի կեդրոնական շրջաններուն մէջ գտնուող շիիներու մզկիթի մը մէջ տեղի ունեցած ուժգին պայթումի մը հետեւանքով առնուազն 78 հոգի սպաննուեցաւ եւ վիրաւորուեցան 200է աւելի ուրիշներ:
Իր կարգին, ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ ապստամբներու դէմ արշաւին ընթացքին սպաննուած են առնուազն 22 զինեալներ: