Անդրադառնալով Իսրայէլի արդարադատութեան մարզի իրաւասութիւնները սահմանափակելու ջանքերուն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց հետեւեալը. «Իսրայէլ չի կրնար շարունակել այս ուղիով ընթանալ, եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն մօտ օրէն Ուաշինկթըն այցելելու պիտի չհրաւիրեմ»:
Պայտըն նշեց, որ կը յուսայ, որ Նեթանիահու «արդարադատական բարեփոխումներ» ու օրէնքէն կը հրաժարի:
Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Ճան Քըրպի նախապէս յայտնած էր, որ Ուաշիկթըն «շեշտեց փոխզիջումի մը գոյացումը»:
Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ըստ իսրայէլեան պետական լրատուամիջոցներու, նաեւ Նեթանիահուին պատգամ ուղղած էին, որ «անոր համար աւելի լաւ է ներկայիս Ուաշինկթըն չգալ»:
Նեթանիահու արձագանգեց Պայտընի յայտարարութեան՝ ըսելով. «Իսրայէլ անկախ է, իր որոշումները չ՛որդեգրեր արտաքին, ներառեալ լաւագոյն բարեկամներու կողմէ որեւէ ճնշումի տակ»: Ան նշեց, որ իր կառավարութիւնը մեծ ջանք կը թափէ «լայն համաձայնութեան ճամբով բարեփոխումներ կատարելու»: